Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Ղարիբեան կարեւոր դեր խաղցաւ Ռոտինայի հետ` Օրենպուրկի դէմ մրցումին: Մրցումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: 20 տարեկան յառաջապահը պահեստի աթոռներէն սկսաւ մրցումը եւ 60-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: Անոր մասնակցութեամբ վճռորոշ դրուագը տեղի ունեցաւ հանդիպումի վերջին վայրկեաններուն, երբ Ռոտինա 2-1 արդիւնքով կը պարտուէր:
90-րդ վայրկեանին Ղարիբեան հարուածեց դէպի Օրենպուրկի բերդը, բայց գնդակը զսպուեցաւ մրցակից խումբի բերդի սիւնին կողմէ, ապա հասաւ Իվան Թիմոշենքոյին, որ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Իր կատարած 30 վայրկեաններուն ընթացքին, Ղարիբեան մէկ առիթով յաջող տրիպլինկ ըրաւ, առիթով մը մրցակիցէ մը խլեց գնդակը եւ երկու այլ պահերու ընթացքին կրցաւ հեռացնել զայն: Ան 4 մենապայքարներէ 3-ին կրցաւ յաղթել, եւ մրցումի աւարտին ստացաւ 7 կէտ:


