«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն բաւական դժուար մրցակից մը ունէր` Պարսելոնան, բայց նոյնիսկ առանց Ուսման Տեմպելէի (վիրաւորուեցաւ 20-րդ վայրկեանին) եւ փորթուգալցի Նունօ Մենտեշի, ան կրցաւ 4-2 արդիւնքով յաղթել:
Մրցումէն առաջ Լամին Եամալ կը խօսէր այն մասին, թէ ցոյց պիտի տայ, թէ Փարիզ պարզ խումբ մըն էր, բայց մրցումէն ետք գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիք յայտնեց, որ շատ բաներ պիտի սորվեցնէ այս պարտութիւնը:
Սեն Ժերմենի համար երկու զօրաւոր փորձեր էին Մանչեսթըր Սիթիի (4-2) եւ Պարսելոնայի (4-2) դէմ յաջորդական այս մրցումները, որոնք փաստեցին, թէ պատահմամբ չէ, որ փարիզցիները վերջին երկու տարիներուն տիտղոսներ շահեցան եւ թեկնածու են 3-րդ տիտղոսին ալ:
Էնֆիլտի մէջ, Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէր Սպանիոյ Վիարէալը եւ մրցումի առաջին 29 վայրկեաններուն կը կարծուէր, թէ սպանական խումբը ծանր պարտութեան պիտի մատնէր Լիվըրփուլը` նկատի ունենալով, որ Միքաութածէ եւ Քարտոնա երկու կոլ նշանակած էին օգտուելով սխալներէ:
Սակայն Լիվըրփուլ ինքզինք գտաւ եւ 2 արագ կոլ նշանակեց 9 վայրկեաններու ընթացքին կիսախաղ չեղած` Մաքալիսթըրի եւ Արաուխոյի շնորհիւ: Բ. կիսախաղին Մաքալիսթըր եւ Ֆլորիան Վիրց 2 կոլ եւս նշանակեցին, եւ նոյնիսկ Օլուասէիի 87-րդ վայրկեանին կոլը պատճառ չէր, որ Լիվըրփուլ իր 3 կէտերը շահի եւ միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենին 9 կէտերով:
Մանչեսթըր Սիթի առանց Հաալանտի կրցաւ 5-1 արդիւնքով յաղթել Աէք Աթէնքին, ուր փայլեցաւ Ֆիլ Ֆոտեն հեթ-թրիքով:


