Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա Եւ Լըպրոն Ճէյմս Յաղթանակով Սկսան Նիւ Եորքի Մէջ

October 22, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Նիւ Եորք Նիքս այս տարեշրջանի բացման մրցումին «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան բացումը կատարեց 53 տարիներ առանց տիտղոսի մնալէ ետք, բայց տօնակատարութենէն ետք մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ մրցակից Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի` 106-100 արդիւնքով:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղ Լըպրոն Ճէյմս, որ շատ հաւանաբար միանար Նիւ Եորք Նիքսին, եթէ այս վերջինները ախոյեան չդառնային անցեալ տարեշրջանի աւարտին, լաւ ընդունելութիւն չստացաւ Նիքսի համակիրներէն, որոնք կը գոռային «Մենք պէտք չունինք քեզի»:

Լըպրոն Ճէյմս իր կարգին յայտնեց, որ Նիքսի համակիրներուն իրաւունքն էր տօնելը, որովհետեւ «ես ալ նոյն մթնոլորտին մէջ եղած եմ, երբ Քլիվլենտ 50 տարի տիտղոս չէր շահած, եւ ախոյան դարձանք: Համակիրները ատիկա չեն մոռնար»: Սակայն դաշտին վրայ Նիւ Եորք նոյնքան փայլուն ելոյթ չունեցաւ, եւ մանաւանդ 3-րդ մասին ետ մնալով կորսնցուց մրցումը:

Թայրիս Մեքսի (28 կէտ), Ճէյլըն Պրաուն (19 կէտ), Լըպրոն Ճէյմս (14 կէտ) եւ Ժոել Էմպիտ (13 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) կրցան փայլիլ, եւ Ֆիլատելֆիան յաղթանակով սկսաւ:

Նիւ Եորքի լաւագոյն մարզիկն էր անցեալ տարուան «Էմ. Վի. Փի.» Ճէյլըն Պրանսըն, որ 21 կէտ նշանակեց, մինչ Քարլ-Անթոնի Թաունզ 19 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Հետաքրքրական մրցում մըն էր Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պոսթըն Սելթիքս  ճակատումը, որուն ընթացքին Սելթիքս 22 կէտի առաւելութիւն ունէր 3-րդ մասին սկիզբը (72-50), բայց Տիթրոյիթ ոչ միայն վերադարձաւ մրցումի մթնոլորտին, այլ յաղթեց նաեւ 121-113 արդիւնքով:

Փոլ Ճորճ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի: Այս թիւը մրցանիշ մըն էր անոր առաջին ելոյթին (Սելթիքսի հետ): Ճորճ, որ Ճէյլըն Պրաունի հետ խումբեր փոխանակուած էին Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա համաձայնութենէ ետք իր 17-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ «Էն. Պի. Էյ.»-ին մէջ:

Քէյտ Քանինկհեմ (22 կէտ), Ճէյլըն Տիւրեն (22 կէտ) եւ Տանքըն Ռոպինսըն (21 կէտ) փայլուն ելոյթ ունեցան ի նպաստ Տիթրոյիթի:

Անցեալ տարուան փոխախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր կարգին պարտութեամբ սկսաւ տարեշրջանը` 116-104 արդիւնքով պարտուելէ ետք 2025-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն:

Անցեալ տարուան Արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումին իրար դէմ մրցած խումբերը անգամ մը եւս մրցեցան այս անգամ բացման ելոյթին:

Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Սթեֆըն Քասըլ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սփըրզի: Ֆրանսացի «հսկայ» Վիքթոր Ուեմպանեամա 12 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` 6 պլոք ալ կատարելով:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Փաստեց Իր Ուժը` Յաղթելով Պարսելոնային

RelatedPosts

Ֆութսալ.  Հայաստանի Հաւաքականը  Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց
Մարզական

Ֆութսալ. Հայաստանի Հաւաքականը Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց

October 22, 2026
Ըմբշամարտ.  Այս Շաբաթ Կը Սկսի Աշխարհի  Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ըմբշամարտ. Այս Շաբաթ Կը Սկսի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 22, 2026
Բռնցքամարտ.  Նարէ Շաքարեան Առաջին Մետալը Ապահովեց
Մարզական

Բռնցքամարտ. Նարէ Շաքարեան Առաջին Մետալը Ապահովեց

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.