Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 հոկտեմբերին ընդունած է Իսրայէլի նախագահ Իցհակ Հերցոկը, որ Պաքու հասած է` մասնակցելու Ասիոյ մէջ Փոխադարձ գործողութեան եւ վստահութեան միջոցներու հարցերով խորհրդակցութեան (ԱՓՎՄԽ) 7-րդ վեհաժողովին:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, այլ հարցերու շարքին նախագահները միտքեր փոխանակած են Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային ու շրջանային նիւթերու շուրջ:
Հերցոկ շնորհաւորած է Ազրպէյճանը ԱՓՎՄԽ-ի մէջ նախագահութեան ստանձնման համար:
ԱՓՎՄԽ-ի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով Պաքու հասած են Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւը, Ուզպեքիստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավար պաշտօնատարներ:
Ասիոյ մէջ Փոխադարձ գործողութեան եւ վստահութեան միջոցներու հարցերով խորհրդակցութեան (ԱՓՎՄԽ) կազմին մէջ ընդգրկուած են 28 երկիրներ, որոնց շարքին` Ռուսիան, Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Հնդկաստանը, Իսրայէլը, Իրանը, Չինաստանը, Փաքիստանը եւ Իրաքը:
Վեհաժողովին հրաւիրուած են նաեւ դիտորդներ` Պիելոռուսիան, Ինտոնեզիան, Սէուտական Արաբիան, Արաբական լիկան, գործընկեր կազմակերպութիւններ:
ԱՓՎՄԽ-ի նախագահը կ՛ընտրուի երկու տարիով` երկարաձգման կարելիութեամբ, վեհաժողովները տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը:
Նախագահող երկիրը 2024 թուականէն ի վեր Ազրպէյճանն է:


