Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահ Հուսէյն Շէյխ խոստացաւ պաղեստինեան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները միաժամանակ յառաջաձգել, «եթէ ընտրական հոլովոյթի արդարութեան, թափանցիկութեան եւ հաւաստիութեան պայմանները ապահովուին»:
Յիշենք, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Շէյխի յայտարարութենէն երեք օր առաջ հրամանագիր մը հրապարակելով նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու թուական ճշդած էր 11 սեպտեմբեր 2027-ը` խորհրդարանական ընտրութիւններու նոյեմբերին ճշդուած թուականին փոխարէն:
Շէյխ բացատրեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը կը հաստատէ իր լիակատար յանձնառութիւնը հիմնական օրէնքի կիրարկման, ներառեալ ընդհանուր ընտրութիւններու կատարումը` «հիմնուած բազմակարծութեան եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման, ինչպէս նաեւ քուէատուփերու միջոցով ղեկավարութեան հերթափոխութեան եւ անոր օրինականութեան վերանորոգման վրայ»:
«Ընտրութիւնները պարզապէս ձեւականութիւն չեն, այլ` խորքային հարց, որ կ՛արտայայտէ ժողովուրդին կամքը, եւ անոնք պէտք է կատարուին առնուազն արժանապատուութեամբ եւ անկախութեամբ», ըսաւ ան:
Պաղեստինեան իշխանութեան փոխնախագահը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու` պատրաստելու համար Արեւելեան Երուսաղէմի, Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պաղեստինեան ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտ պայմանները:
Ան նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի իսրայէլեան բանակի եւ իսրայէլացի բնակեցուածներու «բռնաճնշումի եւ ահաբեկչական» քայլերը դադրեցնելու ճամբով պաղեստինեան հողերուն վրայ ընտրութիւններու կայացումը արտօնող պայմաններ ստեղծէ:
Շէյխ նաեւ կոչ ուղղեց վերցնելու աւելի քան հազար իսրայէլեան անցարգելներ, որոնք «Այսրյորդանանը մեկուսարաններու եւ արգելափակման քանթոններու վերածած են», դադրեցնելու Կազայի մէջ իսրայէլեան ոճիրները, ինչպէս նաեւ «իսրայէլացի ծովահէններու» ճամբով յափշտակուած պաղեստինեան գումարները վերադարձնելու:


