Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ թիրախաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը:
Քաց յայտարարած է, թէ Էրտողան կարմիր գորգ կը փռէ Համասի առջեւ: Ան միեւնոյն ժամանակ սպառնացած է Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավարին:
«Մենք Կազայի մէջ ոչնչացուցած ենք Համասի ղեկավարները: Հայէն իր կարգին պիտի երթայ, ան նոյնպէս պիտի ուղարկուի Հանիէի եւ անոր ընկերներուն մօտ` դժոխքի խորքերը», գրած է ան:
Թրքական մամուլը իսրայէլացի նախարարին գրառումը որակած է «սադրիչ հրապարակում»:


