Իմ նախաձեռնութեամբ, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին համար համատեղ առաջարկած են նախագահ Թրամփի թեկնածութիւնը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Նախագահ Տանըլտ Թրամփը պատմական դեր խաղաց Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման մէջ` 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին իր հիւրընկալած ուաշինկթընեան խաղաղութեան վեհաժողովին:
«Ի նշան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ անոր ակնառու ներդրման գնահատման` Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը իմ նախաձեռնութեամբս առաջադրած են նախագահ Թրամփի թեկնածութիւնը` Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին համար:
Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներու նախագահը չարժանացաւ այդ մրցանակին: Ինք եւս` Թրամփ դժգոհեցաւ եւ ըսաւ, որ, հակառակ միջազգային հակամարտութեան ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն
Ազրպէյճան Պատրաստ Է 2028-ին
Ստանձնելու ԱՊՀ–ի Նախագահութիւնը
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի նախագահ Թուրքեմնիստանի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ազրպէյճանը նաեւ պատրաստ է 2028 թուականին ստանձնելու ԱՊՀ-ի նախագահութիւնը եւ նոյն տարուան աշնան կազմակերպելու ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը»:
Ալիեւ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց 2027 թուականին ԱՊՀ-ի մէջ Ազրպէյճանի համանախագահութեան որոշման աջակցելու համար:
«Մենք ասիկա կը գնահատենք իբրեւ մեր երկրին նկատմամբ բարձր վստահութեան վկայութիւն եւ պատրաստ ենք գործօն կերպով մասնակցելու հասարակաց խնդիրներու իրականացման», նշեց ան:
ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշնեքովն իր կարգին յայտնեց. «Յոյսով եմ` Հայաստանը նոյնպէս որոշում կու տայ իրականացնելու այս պատուաւոր գործառոյթը` հերթականութեան համապատասխան, 2029 թուականին»:
Լուքաշենքոն Ազրպէյճանի` 2028 թուականին Համագործակցութեան նախագահելու որոշումը կոչեց պատմական:
«Մեր կազմակերպութեան զարգացման նոր փուլը յարգարժան Իլհամ Հայտարիչի որոշումն է` առաջին անգամ ստանձնել նախագահութիւնը 2028 թուականին: Ասիկա, անշուշտ, պատմական պահ է: Այդ մասին ըսած է նաեւ ինքնին նախագահը», նշեց ան:
Պիելոռուսիոյ նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ուզպեք գործընկեր Շաքաթ Միրիյոեւին` 2027 թուականին ԱՊՀ-ի մէջ նախագահութիւն ստանձնելու Ուզպեքիստանի համաձայնութեան համար:
«Վստահ եմ` ուզբեք ընկերները, ինչպէս միշտ, արժանավայել կերպով պիտի կատարեն այս առաքելութիւնը: Պիելոռուսիան ձեզի առաւելագոյն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ եւ գործօն կերպով պիտի մասնակցի բոլոր գործընթացներուն», վստահեցուց Լուքաշենքօ:


