Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտի հայկական շահերը աժան սակարկութեան դնելու շարունակական մրցավազքը:
Հայաստանի իշխող կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագիրը յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ ներկայացուցած էր պետական կառավարման ծրագիր մը: Ինչպէս բոլոր նախընտրական ծրագիրները, այս ծրագիրը եւս հարուստ էր ընտրողներու սպասումները եւ ակնկալութիւնները գոհացնող խոստումներով. լաւ ապրելակերպ, տնտեսական աճ, ճամբաներ, նոր դպրոցներ ու մանկապարտէզներ, մարզական կեդրոններ եւ այլն, եւ այլն… Շոյող այս խոստումներուն կողքին կային երկու կարեւորագոյն ծրագիրներ. մէկը` խաղաղութիւնը ամրապնդելու ու զայն անդառնալի դարձնելու յանձնառութիւնն էր, միւսը` Հայ եկեղեցին բարեկարգելու ծրագիրը, որ իր էութեամբ հակասահմանադրական է: Երբ քաղաքացիները կը քուէարկեն, յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ, ուր տեղեկատուութիւնը սահմանափակ (յաճախ նաեւ` միակողմանի) կը տարածուի, մարդիկ նկատի չեն ունենար քաղաքական մեծ ծրագիրները, այլ կը կեդրոնանան իրենց առօրեան բարելաւող խոստումներուն վրայ: Եթէ վրան աւելցնենք գործող իշխանութեան (տեղական յատկապէս եւ ընդհանուր պետական) կողքին ըլլալու սովորութիւնը, կ՛ունենանք քուէարկողներու 49,85 առ հարիւրի համաձայնութիւնը Քաղաքացիական պայմանագիրի նախընտրական ծրագիրին:
Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 2507216 քաղաքացիներէն 1459455-ը ընտրութեան մասնակցած է 1459455-ը (58,2%): Քաղաքացիական պայմանագիրը ստացած է 727827 ձայն (49,8%), որ կը ներկայացնէ ընտրական իրաւունք ունեցողներուն 29 առ հարիւրը: Ընդդիմութիւնը (խորհրդարան մուտք գործողները) ստացած է 731628 ձայն (50,1%): Այս պայմաններուն մէջ, ինչպէ՞ս կարելի է յաւակնիլ, որ հայ հասարակութիւնը «ջախջախիչ» մեծամասնութեամբ համաձայն գտնուած է իշխող կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին, այսինքն` իրական Հայաստանի «գաղափարականին», յաջորդական զիջումներով խաղաղութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելու ծրագիրին:
Նիկոլ Փաշինեան կը յոխորտայ, որ կառավարական ծրագիրի վերածուած նախընտրական ծրագիրը գործադրելու իրաւասութիւն ստացած է: Խաբուսիկ այդ իրաւասութիւնը իրեն իրաւունք կու տայ ընդդիմադիրներ հետապնդելու, եկեղեցին հալածելու, Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ պահանջներուն ենթարկուելու: Փաշինեան կ՛ըսէ, որ եթէ ժողովուրդը համաձայն չէ, թող յեղափոխութիւն ընէ: Ընդդիմադիրներու երկու կամ երեք տարի առաջ գրածը իշխանութեան բռնի տապալման կոչ համարելով բանտարկել կու տայ եւ կը հրաւիրէ ու յեղափոխութիւն ընելու:
Աւելի՛ն: Ընդդիմութեան գոյութիւնը եւս խաղաղութեան դէմ սպառնալիք կը համարուի: Նիկոլ Փաշինեանի գաղափարներուն դէմ ըլլալը համազօր է պատերազմ հրահրելուն: Այս տարազումը պատերազմի վախով ժողովրդային դժգոհութիւնը զսպելու կը ծառայէ: Փաշինեան կ՛ըսէ, որ իր խաղաղութեան չհաւատացող առնուազն 500.000 քաղաքացիներու գոյութիւնը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար պատերազմական սպառնալիք կը հանդիսանան: Քանի որ ըստ իրեն ծովէ-ծով Հայաստանի եւ Արցախի հաւատացողներ կան, խաղաղութիւնը դատապարտուած է միակողմանի ըլլալու: Ո՞վ լսած է ծովէ-ծով Հայաստանի պահանջ. նախնիներու ծննդավայրին ոգեկոչումը պահա՞նջ է: Փաշինեանի համար անցեալը, պատմութիւնը գոյութիւն չունին, չեն եղած: Եթէ Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը, սերնդափոխութեամբ կրնայ մասնակիօրէն հեռացած ըլլալ իր հայրենիքէն, կրնա՞նք նոյնը ըսել Արցախի հայութեան մասին, որ դեռ երէկ իր հայրենիքին մէջ կ՛ապրէր:
Հայաստանի մէջ ութ տարի առաջ կատարուած գունաւոր յեղափոխութիւնը, որուն տրուեցաւ թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութիւն անունը, արտաքին ուժերու կողմէ մոգոնուած ծրագիր էր: Ծրագիրի գործադրութիւնը վստահուած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը մոլագարներու, որոնք խանդավառութեամբ առաջ կը տանին հայ ժողովուրդին զսպաշապիկ հագցնելու իրենց ստանձնած առաքելութիւնը: Անցեալի աղէտները պատճառած են օտար ներխուժողներ: Նորագոյն աղէտը, որ կ՛ենթադրէ հրաժարում ազգը բնութագրող հաւաքական գիտակցութենէն եւ իղձերէն, ներքին է երեւոյթով միայն: Այս աղէտը ունի արտաքին ծրագրողներ եւ հրահրողներ, եւ դժբախտաբար` ներքին գործադրողներ:
Ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած յեղափոխութիւնը: Յուսանք` շուտով:



