Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէին Պատմութիւնը

October 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Կեանքում ամէն ինչ կորցնէք` նշանակում է գոյութիւն ունենալուց դադարել, յատկապէս երբ կորցնում ես այն ամէն ինչը, որով դու կազմաւորուել եւ արժէքաւորուել ես (յատկապէս` հոգեկան եւ մտային աշխարհում)»

ՇԱՀԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայերէն գիրք մը ստացայ: Հայերէն գիրքերը ինծի համար ընդհանրապէս նշանակալից են, բայց այս մէկը յատկապէս շատ հարազատ է, քանի որ Շահէ Տէր Գէորգեանի պատմութիւնն է: Պատմութիւնը` կեանքի մը, որ «փակ» կը թուէր ըլլալ աշխարհին համար, բայց որուն մէջ կար մեծ ներաշխարհ մը` լեցուն մտքով, հոգիով, սիրով, բայց նոյնքան նաեւ` ընդվզումով ու, տակաւին, զարտուղի կեցուածքներով:

Բայց` նախ գիրքը:

«Նամականի եւ այլ նիւթեր»` հրատարակուած Երեւան, 2026, «Էդիթ փրինթ»-ի կողմէ: 376 էջերէ բաղկացած այս ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Շահէ Տէր Գէորգեանի առաքած եւ ստացած նամակները, որոնց մէջ կան անոր ներաշխարհի տագնապող երեւոյթները ու տեսադաշտերը` ներառելով իր հայեացքները ազգային ու հասարակական նիւթերու եւ իրավիճակներու հետ: Նամակներուն մէջ նաեւ կան մասնագիտական հաղորդակցութիւններ` հաստատութիւններու հետ: Գիրքին մէջ նաեւ տեղ գտած են Շահէին ճարտարապետական մասնագիտութենէն բխած իր սերտողութիւնները եւ հսկայական ներդրումը` հայկական մշակութային կոթողներու: Գիրքը նոյնքան հարուստ է նկարներով` Շահէին կեանքն ու յարաբերութիւնները ներկայացնող:

Գիրքին խմբագիրն է Գէորգ Եազըճեան, որ մեծ աշխատանք տարած է` խմբագրելով եւ համադրելով Շահէին առնչուող շատ մը նիւթեր, նամակներ եւ գրութիւններ: Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը կը կայանայ նաեւ գիրքին մէջ իր տեղադրած ծանօթագրութիւնները` իւրաքանչիւր անհատ, բարեկամ, գործակիցի մասին, որոնք կապ ունեցած են Շահէին հետ: Այս իմաստով,  պիտի յանդգնինք ըսելու, թէ Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը փոքր «հանրագիտարան» մըն է, ուր կը հանդիպիս շատ մը անձնաւորութիւններու, որոնք կապ ունեցած են Շահէ Տէր Գէորգեանին հետ, եւ որոնք մասնակցած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայրենի-ազգային ու գաղութային կեանքի: Գէորգ Եազըճեան արժանի է ամէն գնահատանքի իր այս խմբագրական  բծախնդիր աշխատանքին համար:

Կան նաեւ վաղամեռիկ Շահէի այրիին` Կարինէ Տէր Գէորգեանի երազը, զայն իրականացնելու անոր մեծ կամքը եւ յարատեւութիւնը: Կարինէն` ինչպէս իր անձնական բացիկին մէջ ինծի գրեց. «Երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք էր այս գիրքը, եւ Շահէն արժանի էր հաստատուն ներկայութիւն դառնալու»: Եւ Կարինէն իրականացուց այդ:

Բայց ո՞վ է Շահէ Տէր Գէորգեանը: Հապա՞ անոր պատմութիւնը:

Շահէ Տէր Գէորգեան ծնած էր Հալէպ, 1944-ին,  բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ: Յաճախած էր ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, որմէ ետք Երեւանի  Պոլիտեխնիկական ինստիտուտի ճարտարապետական բաժանմունքը եւ աւարտած` 1970-ին:

1971-1976 թուականներուն ան կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը` իբրեւ ասպիրանտ, եւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը «Հայ-սուրիական վաղքրիստոնէական ճարտարապետութեան առնչութիւնները» նիւթով: Իր գիտական թեզին միջոցով եւ կատարած տքնաջան պեղումներու շնորհիւ` Շահէն եկած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական սկզբնաւորութեան ի յայտ եկած եռանաւ, մոյթաւոր պազիլիկ եկեղեցիներու յատակագիծները որպէս ձեւ ներմուծուած չէր հիւսիսային Սուրիայէն, երբ քրիստոնէութեան քարոզիչները Սուրիայէն ներթափանցած էին պատմական Հայաստան: Շահէին այս թեզը ցոյց կու տայ հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն դիմագիծը եւ մշակոյթը, որոնք արժանի են մեծ գնահատանքի: Շահէն չկրցաւ իր աւարտաճառը պաշտպանել, քանի որ մասնագիտական տարակարծութիւններ ունեցած էր իր դասախօսին հետ եւ մնացած անդրդուելի, իր գիտական եզրակացութիւններուն վրայ, եւ վերադարձած է Հալէպ` առանց բարձր վկայականի:

Շահէն ամուսնացած էր Կարինէին հետ եւ բախտաւորուած` երկու տաղանդաւոր զաւակներով` Ալիսիկը` դաշնակահարուհի եւ Արմէնը` ճարտարապետ ու երաժիշտ-ջութակահար: Կարինէն երաժշտութեան ուսուցչուհի է, նաեւ` լրագրող: 1998-ին` յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Շահէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Եթէ մէկ կողմէ ձգեց շատ մը գիտական եւ ճարտարապետական նուաճումներ, բայց տակաւին շատ բան ունէր ընելու եւ տալու:

Շահէն մեր ընտանիքին շատ մօտիկ բարեկամ էր: Հալէպէն սկսած` ան շատ յարգանք ունէր հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանին նկատմամբ, եւ շատ մօտիկ էր զարմիկներուս` Էրիք եւ Վանիկ Ճէպէճեաններուն: Պէյրութ` հօրս հետ ճատրակի բարեկամն էր: Բայց կար այն շատ մօտիկ եւ հարազատ հաղորդակցութիւն-բարեկամութիւնը մօրս հետ: Զիրար շատ լաւ հասկցած էին` անկախ տարիքի տարբերութենէն: Մայրս կրցած էր Շահէի այդ «փակ» ներաշխարհը թափանցել եւ կամրջած էր անոր հարազատ հոգիին:  Շահէն կը տեսնէր, թէ մայրս անկեղծ էր, եւ կը սիրէր այդ հարազատութիւնը: Մայրս եւ Շահէն երբեմն թրքերէն կը խօսէին իրարու հետ` իրենց կերտած հարազատ հաղորդակցութեան վրայ աւելցնելով այս մէկը: Վերջապէս երկուքն ալ Այնթապի զաւակներ էին:

Շահէն ունէր իր ներաշխարհը, որ դիւրին չէր, փակ էր, եւ հոն կային թաքնուած զգացումներ, արժէքներ, տեսադաշտ եւ երեւի կարծր ու ծայրայեղ կեցուածքներ: Գէորգ Եազըճեան իրաւացի է, երբ կ՛ըսէ` «ըմբոստ նկարագիր»: Բայց Շահէին ըմբոստութիւնը քանդող չէր, ոչ ալ` վիրաւորող: Ըմբոստութիւնը Շահէին համար իր ուրոյն կեցուածքն էր կեանքի նկատմամբ: Եթէ կրնայիր կամրջել եւ յատկապէս բանալ անոր փակ ներաշխարհը ու ներս մտնել, պիտի համաձայնէիր բանաստեղծին հետ, որ ըսած է` «Նայինք, ինչեր գրուած կան»: Հոն կային լաւագոյն զգացումները եւ մարդկային կեանքի համար ամուր արժէք եւ աւանդ:

Պատանեկութենէս դէպի երիտասարդութիւն անցնող այդ տարիներուն կ՛ապրէի ու կը վայելէի Շահէին բարեկամութիւնը: Տարիքի տարբերութիւնը կար, բայց ինծի համար կարծէք դպրոց էր` մարդկային արժէքներու, ու յարաբերութիւններ կերտելու չափանիշներ: Այդ գոց աշխարհի տեսադաշտերէն. «Աւելորդ եմ համարում արդարութիւն, իրար հասկացողութիւնը: Ինչո՞ւ են դպրոցում սովորեցնում ազնուութիւն, ճշմարտութիւն, բարոյականութիւն են քարոզում: Դրանք մնում են դպրոցի պատերից ներս: Իրական կեանքում ամէն բան բոլորովին կապ չունեն սրանցից»:

Բայց Շահէ ունէր կապը «սրանց հետ»: Այդ կապը իր կեանքն էր:

Շահէին նամակները «պէսպիսիք» են: Գրած է նամակներու շարք մը` իր ընտանիքին, ծնողքին ու բարեկամներուն, եւ նոյնպէս ստացած` պատասխաններ: Ունի նամակներու երկար շարք մը` Հրայր Տարագճեանի, Յակոբ Քէօսէեանի, Վանիկ Ճէպէճեանի ու Նելլի Նազարեանի հետ: Այս նամակներուն մէջ Շահէ կը բանայ իր փակ աշխարհը, կը մտնէ ազնիւ ու անկեղծ բարեկամութիւններու մէջ ու անոնց մէջ կը դարբնէ հոգիի նուրբ թելերը: Ալիսիկին գրած մէկ նամակին մէջ ան կ՛ըսէ. «Յաջողութիւններովդ ուրախացիր, սիրելի՛ Ալիսիկ, բայց մի՛ հարբիր: Դեռ սկիզբը նոր պիտի սկսի: Մի՛տքդ պահէ»:

Շահէին ճարտարապետական-գիտական աշխատանքներուն մէջ կ՛իյնայ Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ գետնափոր մասին աշխատանքները: Ան նաեւ կը հրաւիրուի մասնակցելու հայ արուեստի գիտաժողովին` Իտալիա, ուր կը ներկայացնէ դասախօսութիւն` հայ ճարտարապետութեան մասին: Արաբ գործակիցներու հետ կը բացայայտէ Հալէպի Պապ Էլ Ֆարաճ շրջանին մէջ ի յայտ եկած հնութիւններու կարեւոր նշանակութիւնը եւ, այս առումով, կը բերէ իր մասնակցութիւնը: Հալէպի մէջ բարձրացած 20 շէնք-համալիրներու գծագրութիւնը կը կրեն Շահէի ստորագրութիւնը: Ան մասնակցած է Տէր Զօրի մէջ Նահատակաց մատուռ-յուշարձանի մրցանքին: Այս իր բոլոր գործունէութիւններուն համար Հալէպի ճարտարապետական սենտիքան իրեն կը շնորհէ «Խորհրդատու հնագէտ» տիտղոսը:

Շահէ Տէր Գէորգեանի մեծ ներդրում-նպաստը իր աւարտաճառն է` «Հայ-սուրիական եկեղեցիներու առնչութիւնները»: Կը յիշեմ ամառ մը` իմ պատանեկան տարիներէս, երբ կը վայելէի հօրեղբօրս Քեսապի ամարանոցը, Շահէն վարորդի մը հետ եկաւ մեր տուն: Ան կը շրջագայէր` Սուրիոյ տարբեր տարածքները քննելու-ցանկագրելու եւ սերտելու եկեղեցիները: Շահէ առանձինն նախաձեռնած էր այս առաքելութեան: Չունէր նեցուկ եւ նիւթական օժանդակութիւն ոեւէ մէկէն կամ կազմակերպութենէ: Կը զգայի, թէ այս ամբողջ ծրագիրը կարծէք իր հոգեհարազատ մէկ զաւակն էր, եւ որքան սէր եւ նուիրում կը տածէր անոր նկատմամբ:

Շահէն չտեսաւ իր գիտական հսկայական աշխատանքին հրատարակութիւնը իր կենդանութեան: Հատորը հրատարակուեցաւ իր մահէն ետք եւ թարգմանուեցաւ արաբերէնի ու անգլերէնի: Մուրատ Հասրաթեան, որ Շահէի այս ուսումնասիրութեան խմբագրական աշխատանքի մէջ կարեւոր բաժին ունեցած է, կ՛ըսէ. «Դա ոչ միայն Շահէի յիշատակի համար է, այլեւ` հայ մշակոյթի ու ճարտարապետութեան: Աշխարհում առաջինը քրիստոնէութիւն ընդունած երկիրը իր եկեղեցական ճարտարապետութիւնը ստեղծել եւ զարգացրել է ինքնուրոյն, որը, ցաւօք, չեն ընդունում ոչ միայն արեւմտեան շատ գիտնականներ, այլ նաեւ` որոշ հայաստանեաններ: Եւ ես վստահ եմ, որ Շահէի աշխատանքը հայոց դարձի 1700-ամեակին կը լինի չափազանց յարիր եւ օգտակար նուէր»:

Շահէն գրած է օրագրութիւններ: Այս օրագրութիւններու մէջ ան ուզած է սկսիլ «իր գրելիք պատմութիւնը»: Եւ ինչպէս Կարինէն կ՛ըսէ իր յաւելուած մասին մէջ` «Այդ պատմութիւնը չգրուեցաւ: Մնացին օրագրութեան մէջ գրուած էջեր, որոնք դարձան հալէպեան յուշեր»:

Շահէն իր օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Չկայ մի մասնագիտութիւն, որը այնքան դեր կու տայ մարդուն զգացական եւ բարոյական կեանքին մէջ, ինչպէս` դեր, որ ունի ճարտարապետութիւնը»: Ան եղաւ այն ճարտարապետը, որ իր մասնագիտութիւնը դրաւ մարդուն զգացական եւ բարոյական կեանքի կերտումին համար. «Պէտք է փոխել ոչ թէ հասարակակարգը, այլ` մարդը»:

Շահէն մահացաւ եւ թաղուեցաւ իր այդքան սիրած Հալէպի մէջ: Ան յաճախ կը քաջալերէր իմ զարմիկները, որ Հալէպ վերադառնան եւ հաստատուին: Վահէ Ժամագործեանի վկայութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Շահէն եղաւ եւ մնաց այն հալէպահայը, որ քալեց Հալէպի մայթերով, իսկ իր աչքերուն կապոյտը միշտ մնաց հայրենիքի երկնակամարի անուրջներուն մէջ: Ոմանց համար առեղծուածային կամ նոյնիսկ անբացատրելի ինքնատիպութեամբ, այս հայորդին մնաց հաւատարիմ իր հաւատամքին` մարդկութիւնը փնտռելով… մարդուն մէջ»:

Եւ դարձեալ` իմ ընտանեկան յուշերէս: Երբ մայրս կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, Շահէն ինծի պարզ նախադասութիւն մը ըսաւ` իբրեւ մխիթարական խօսք. «Հրա՛յր, շատ նեղուեցայ»:

Այս պարզ նախադասութիւնը կու գար իր փակ եւ խորունկ ներաշխարհէն: Այս փոքր նախադասութեան մէջ տեսայ Շահէին մարդկայնութիւնը: Ան դուրս հանեց իր պարզ ու մարդկային հոգին եւ իմ առջեւս դրաւ որպէս մխիթարական ու յարգանքի խօսք: Յարգանքը` իր սիրած եւ հաւատացած բարեկամութեան:

Այս Շահէին գրուած (չգրուա՞ծ) պատմութիւնն է:

Շահէի պատմութիւնը եթէ չգրուեցաւ, բայց ապրուեցաւ: Ապրուեցաւ` հարազատութեամբ, զգացումով եւ արժէքի գիտակցութեամբ:

Երբ այս գիրքը ստացայ, ուրախացայ: Ուրախութեանս հետ խառնուեցաւ քիչ մը յուզմունք: Ուրախութիւն-յուզմունքը` բարեկամութեան, զոր ապրեցանք միասին լեցուն յիշատակներով: Յիշատակներ-յուշեր, որոնք կեանք կերտեցին ու աւելի՛ն:

Սիրելի՛ Շահէ,

Դուն կեանքի մէջ «ամէն ինչ չկորսնցուցիր»: Դուն շահեցար, քանի որ հաւատացիր կեանքի մէջ հայուն եւ մարդուն արժէքին: Թէեւ հաւատացիր քու «փակ» ներաշխարհիդ մէջ, բայց անոնք արժէք ըլլալէ չդադրեցան եւ չեն դադրիր: Անոնք ապրող արժէքներ են, որոնք տակաւին կ՛ապրին:

Շահէին պատմութիւնը:

Ասիկա ապրող պատմութիւնն է, որ եթէ չգրուեցաւ, բայց ապրեցաւ-ապրուեցաւ ու տակաւին կը շարունակէ ապրիլ:

Հայը պարտի կերտել իր կեանքին համար ապրող պատմութիւններ:

Շահէին պատմութիւնը: Այս Շահէին ապրած ու ձգած աւանդն է` արժէքի համար ապրող պատմութիւնը:

Սեպտեմբեր, 2026

Նախորդը

Նոր Պատերազմի՞, Թէ՞ Նոր Իրականութեան Շեմին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Նոր Պատերազմի՞, Թէ՞ Նոր Իրականութեան Շեմին

October 3, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.