. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Նախագահ Աունի այցելութիւնը տուաւ դրական արդիւնք մը` իտալացիները լրջօրէն պատրաստ են ստուգման մեքանիզմին մասնակցելու, սակայն այցելութիւնը չյանգեցաւ գործնական համաձայնութեան կամ ժամանակացոյցի: Իտալացիներու ցանկութեան եւ լիբանանեան դիրքորոշման զուգահեռ` իսրայէլեան կողմի դիրքորոշումը կը մնայ անորոշ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Իտալիան կը նկատուի ստուգման մեքանիզմին մասնակցելու ամէնէն հաւանական երկիրը` 90 առ հարիւրի մօտեցող հաւանականութեամբ: Սակայն Հռոմ չուզեր այդ առաջադրանքը առանձին կատարել, այլ մաս կազմելով խումբ մը երկիրներու, որոնց ինքնութիւնն ու մասնակցութեան մակարդակը տակաւին որոշուած չեն»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու նոր փուլի կայացման հաւանականութիւնը տկար է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները, որքան ալ անոնց անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան մասին խօսուեցաւ, ոչ իսկ մէկ քայլ յառաջընթաց արձանագրեցին դէպի իրագործումը այն արդիւնքներուն, որոնց վրայ յոյս դրուեցաւ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած շրջագծային բանաձեւին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ալի Թահեր բարձունքներու թղթածրարի կարգաւորման յաջողութիւնը կրնայ ճամբայ հարթել փորձնական շրջաններու բնորդի ընդլայնման առջեւ, իսկ ձախողութիւնը պիտի նշանակէ, թէ խնդիրը դիրքէ մը կամ բլուրէ մը աւելի մեծ է, եւ կողմերը վերադարձած են գործադրութեան կարգի վերաբերեալ հիմնական տարակարծութեան»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլայի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն մէջ ամէնէն վտանգաւորը չ՛առնչուիր անուններուն, անձնաւորութիւններուն կամ գոյացութիւններուն, որոնց ելեւմուտքի նախարարութեան քայլերը կը վերաբերին, այլ կուսակցութեան Իրանի դէմ պատերազմին մէջ նոր դերակատարութեան ու դիրքին ճշդման»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրանի եւ Հըզպալլայի միջեւ Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջոցով հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցելու մէջ մեղադրուող անձերու նկատմամբ պատժամիջոցներուն նպատակն է խզել իրանեան ֆինանսաւորման ցանցերը` իբրեւ Թեհրանի գործակատարները տկարացնելու աւելի լայն արշաւի մաս»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան կացութիւնը վտանգաւոր է, եւ նախագահ Աուն անկարելին կը փորձէ զայն փրկելու համար, ուստի կապ կը հաստատէ միջազգային բարձրագոյն հեղինակութիւններուն հետ, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու եւ Վատիկանի հետ, մեկնելով իր գիտակցութենէն, թէ նոր պատերազմի մը գինը սուղ պիտի ըլլայ»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը խոստացաւ իսրայէլացիներուն հետ զինուորական մակարդակի վրայ հաղորդակցութիւններ ունենալ` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ հարցերուն դէպի լայնածաւալ մագլցում ուղղուիլը կանխարգիլելու համար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Ամերիկեան կողմը ուղղակիօրէն միջամտեց արագացնելու համար ընտրութիւնը այն գիւղերուն, որոնք պիտի ներառուին փորձնական շրջաններու յառաջիկայ փուլին մէջ, եւ շրջանցելու համար տարակարծութիւնը, որ կը խոչընդոտէ անցումը այդ փուլին, ուր լիբանանեան բանակը հիմնական դերակատարութիւն ունի»:
. ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Պետական իշխանութեան ընդլայնումը չ՛օգտագործուիր Իսրայէլը բռնագրաւումէն անպարտ նկատելու կամ բանակը անոր անվտանգութեան պատասխանատու դարձնելու համար: Կառավարութեան ու բանակի գործառոյթը Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումն ու լիբանանցի ժողովուրդի պաշտպանութիւնն է, եւ ոչ թէ` բռնագրաւումին կողմէ պարտադրուած իրողութիւնները կառավարելը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը որեւէ պահու կրնայ պայթիլ, եւ Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումներու նոր փուլ մը կը նախատեսենք` մեկնելով պաշարումէն Ալի Թահեր բլուրի` նկատի ունենալով Իսրայէլի համար անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Խնդիրը այլեւս Լիբանանը բանակի տեղակայումը ամրապնդելու անհրաժեշտութեամբ համոզելը չէ, որովհետեւ լիբանանեան դիրքորոշումը յստակ է. խնդիրը ստանալն է երաշխիքներ, թէ լիբանանեան քայլերուն դիմաց իսրայէլեան շօշափելի քայլեր պիտի կատարուին»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանանեան բանակը սահմանած է ստուգման մեքանիզմին առնչուած իր սկզբունքները եւ զանոնք փոխանցած շահագրգիռ անձերուն: Ան դէմ չէ գործի լծելու համաձայնեցուած միջազգային մարմին մը, որ ունի թեքնիք անկախութիւն եւ կրնայ ներկայ ըլլալ իբրեւ համարկուած ուժ, սակայն կը նախատեսէ, որ ան մտնէ տարածքներ եւ այդտեղ տեղափոխութիւնը իրեն հետ կատարէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման առիթները աստիճանաբար կը նահանջեն, որովհետեւ գոյութիւն ունին իրաւական խոչընդոտներ, որոնց միայն թիւ 2790 որոշումի մինչեւ 2026-ի աւարտ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջին անգամ ըլլալով երկարաձգման եւ 2027-ին հեռացման ու լուծարման ժամանակացոյցի յստակօրէն նշումով չեն սահմանափակուած»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին դիւանագիտական խոչընդոտներ, որոնց առաջինը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան, զէնքի հարցէն անկախ, վերջ տալու կարեւորութեան, եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգման որեւէ լիբանանեան ջանք մերժող ամերիկեան-իսրայէլեան յայտարարուած դիրքորոշումն է»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաք թուրքերուն ու Պըրրիին ճամբով ջանաց Հըզպալլային ու իրանցիներուն փոխըմբռնման հասնելու կարելիութեան մասին պատգամներ փոխանցել, եւ ատիկա Թրամփը դրդեց հրապարակաւ խօսելու Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան սկսելու իր պատրաստակամութեան մասին»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Քումաթիի յայտարարութիւնը լեզուի սայթաքում մը չէ, այլ ուղղակի ամերիկացիներուն ուղերձ, որ մտածել կու տայ, թէ Հըզպալլան այժմ համոզուած է, որ իր ուժը առաջուան պէս չէ, եւ նոյնիսկ այլեւս բաւարար չէ երկիրը Իրանի շահերուն համապատասխան կառավարելու համար»:


