Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փափազեան. «Թուլացնել Սփիւռքը` Կը Նշանակէ Թուլացնել Հայաստանը»

August 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան երէկ յատուկ յօդուածով մը պատասխանեց քանի մը օր առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Արման Եղոյեանի` սփիւռքը եւ անոր կառոյցները արժեզրկող գնահատականներուն:

Մուրատ Փափազեան խօսելով սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն անունով իր յօդուածին մէջ նշեց. «Մենք կը խօսինք մեր համոզմունքներու, մեզի վստահուած պատասխանատուութեան եւ Հայաստանի, Արցախի ու Հայ դատի ծառայութեան նուիրուած տասնամեակներու հանրային գործունէութեան անունով: Օրինականութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ընտրական լիազօրագրով. ան կը բխի նաեւ ծառայութենէն, հետեւողականութենէն, համախմբելու կարողութենէն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներէն»:

«Սփիւռքի մեծ հաստատութիւնները գոյութիւն ունեցած են ներկայ կառավարութենէն առաջ եւ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ անկէ ետք: Անոնց օրինականութիւնը կը բխի իրենց պատմութենէն, անդամներէն եւ գործունէութենէն, այլ ոչ թէ որեւէ նախարարական խորհուրդի հաւանութենէն», իր յօդուածին մէջ նշած է Փափազեան:

Փափազեան յայտնած է, որ ժամանակակից հայկական սփիւռքը չէ ծնած յարմարաւէտութեան ընտրութենէն: Անիկա մեծապէս Ցեղասպանութեան, աքսորի, տեղահանութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան հայկական համայնքներու ոչնչացման հետեւանք է:

Փափազեան աւելցուց. «Հայաստանն ու սփիւռքը երկու հաղորդակից անօթներ չեն, որոնցմէ մէկը պէտք է դատարկուի, որպէսզի միւսը լեցուի. անոնք նոյն ազգի երկու չափումներն են: Հայաստանը իր քաղաքացիներու ինքնիշխան պետութիւնն է, բայց անիկա նաեւ ամբողջ հայ ազգի հայրենիքն է»:

«Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, Արցախի իրաւունքներն ու Հայաստանի շահերը պաշտպանող կառոյցները թուլացնելու փորձը ուղղակիօրէն կը ծառայէ Էրտողանի եւ Ալիեւի ռազմավարութիւններուն: Համաթրքական նախագիծը չի վախնար լուռ, բաժնուած եւ անկազմակերպ սփիւռքէն. ան կը վախնայ գիտակից, կազմակերպուած, ազդեցիկ եւ  ժողովրդավարական մեծ երկիրներու մէջ գործելու ունակ սփիւռքէն», շեշտեց Մուրատ Փափազեան:

«Թուլացնել սփիւռքը` կը նշանակէ թուլացնել Հայաստանը. զանոնք մէկզմէկու դէմ հանել` կը նշանակէ ծառայել ծրագիրին անոնց, որոնք կը ցանկան լռեցնել հայ ազգը: Այդ ծրագիրին մենք պիտի հակադրենք մեր յիշողութիւնը, մեր միասնութիւնն ու մեր վճռականութիւնը: Կառավարութիւնները կու գան ու կ՛երթան, Հայաստանն ու հայ ազգը կը մնան», եզրակացուցած է Մուրատ Փափազեան:

Յօդուածը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Աւարտեց Յանձնախումբերու Նախագահներու Թեկնածութիւններու Քննարկումը

Յաջորդը

Թրամփ Երեք Օրուան Համար Դադրեցուց Քանատայի Դէմ Հաստատուած 50 Առ Հարիւրի Մաքսատուրքերը

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.