Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնֆաւրէօ. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Մէկ Տարուան Ընթացքին Կարեւոր Եւ Վճռական Քայլեր Ձեռնարկած Են, Որպէսզի Խաղաղութիւը Շօշափելի Իրականութիւն Դարձնեն Երկու Երկիրներու Ժողովուրդներու Համար»

August 10, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանն ու Հայաստանը մէկ տարուան ընթացքին կարեւոր եւ վճռական քայլեր ձեռնարկած են, որպէսզի խաղաղութիւնը շօշափելի իրականութիւն դարձնեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Փասքալ Քոնֆաւրէոյի 8 օգոստոս 2025 թուականին Ուաշինկթընի վեհաժողովի միամեակին առիթով կատարուած յայտարարութեան մէջ:

«8 օգոստոս 2026-ին կը նշուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած պատմական համաձայնագիրի միամեակը: Անցեալ տարուան ընթացքին երկու երկիրներու իշխանութիւնները կարեւոր եւ խիզախ քայլեր ձեռնարկած են, որպէսզի խաղաղութիւնը շօշափելի իրականութիւն դարձնեն իրենց ժողովուրդներուն համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Անոր համաձայն, Ֆրանսան կ՛ակնկալէ, որ այս գործընթացը շարունակուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեամբ եւ վաւերացումով, սահմաններու բացումով եւ շրջանային փոխադրամիջոցային կապակցուածութեան զարգացումով, որպէսզի Հարաւային Կովկասը վերստին դառնայ լիարժէք համագործակցութեան տարածք եւ Եւրոպան ու Ասիան կապող օղակ:

Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսան իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ այս հոլովոյթին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան լիակատար յարգումով:

Նախորդը

Թրամփն Ու Ալիեւը Ընդգծած Են Թրիփփ Նախագիծի Շրջանային Կապակցուածութեան Տեսանկիւնէն Նշանակութիւնը

Յաջորդը

Ֆիտան. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Դէպի Մնայուն Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կը Շարժին»

RelatedPosts

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

September 25, 2026
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Հրապարակէ «Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Մասին Զեկուցումը. Ս. Էջմիածին Կը Հակադարձէ

September 25, 2026
«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Պատգամաւորները  Դուրս Եկան Արցախցիներուն Հարցերուն Վերաբերող  Քննարկումէն, Երբ Յիշուեցան  Արցախի Պետական Մարմինները
Հայկական

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի Պատգամաւորները Դուրս Եկան Արցախցիներուն Հարցերուն Վերաբերող Քննարկումէն, Երբ Յիշուեցան Արցախի Պետական Մարմինները

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.