Բանիմաց ընթերցողը, վստահ ենք, արդէն իսկ կռահեց, թէ որո՛նց կ՛ակնարկենք ու ինչո՛ւ մասնաւորապէս զանոնք կարելի է մեղադրել այդ սրբապղծութիւնը գործելու համար, եթէ ոչ` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններն ու անոնց վարած պարտուողական քաղաքականութիւնը, անոր իբրեւ հետեւանք` թշնամիին առջեւ ծունկի եկած ազգային մեր բարենիշները, իմա` սրբութիւնները, աճուրդի հանելու կողքին, մեր սահմանադրութիւնն ալ փոփոխելու անոնց միտումն ու պատրաստակամութիւնը:
Ամէն անգամ երբ զզուանքով կը դիտենք, թէ մեր վարչապետը ինչպէ՛ս իր սրտաբուխ լայն ժպիտով, Ամերիկայի նախագահ Թրամփի հովանաւորական ինքնագոհ ժպիտին ներքեւ, կը սեղմէ Ալիեւին պիղծ ձեռքերը, տեսարան մը, որուն առջեւ մարդ ինքնիրմէ ելած` արգահատանքով չի կրնար հարց չտալ, թէ քաղաքական ղեկավար մը ինչպէ՛ս կրնայ թեթեւ սրտով այդ արարքը կատարել մէկու մը հետ, որ 120 հազար հայեր անտունի դարձուցած է ու անոնց ղեկավարութիւնը մինչեւ օրս, անարդարօրէն, կալանքի տակ կը պահէ: Այո՛, հարց կու տանք, այդպիսի հրէշի մը արիւնոտ պիղծ ձեռքերը ինչպէ՞ս կարելի է թեթեւ սրտով սեղմել` առանց գոնէ Արցախի կնճռոտ հարցին լուծումը նախապայման դնելու:
Սակայն, արդարութեան սիրոյն, եկէք, չայպանենք պարոն վարչապետն ու շրջապատը եւ անոնց այդ նողկալի վերաբերմունքը իրենց անբուժելի միամտութեան վերագրենք…
Բայց եւ այնպէս, անոնց այդ վերաբերմունքը դիտելով, մարդ ակամայ հարց պիտի տար` այս երանելիները արդեօք արդի Հայոց պատմութիւնը չե՞ն սերտած ու իւրացուցած… Եւ տակաւին այդքանով չբաւարարուելով, դրացի մենատիրոջ առջեւ ծնրադիր` հայ ժողովուրդը պիտի կատարէ եղեր ,նորին վսեմութեանե նախապայմաններն ու պարտադրանքները: Եթէ երբեք մեր վարչապետը առնական պինդ ջիղերով հասուն քաղաքական գործիչ մը ըլլար, ,Թրամփի անցքե-ին իր համաձայնութիւնը չտուած` նախապայման պիտի դնէր հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումն ու Արցախի բնիկ ժողովուրդին զանգուածային տունդարձը դէպի իր պապենական հողերն ու ծննդավայրը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այն միւս աղաղակող, գլխագի՛ր սրբապղծութեան, ,քաղաքակի՜րթե Թուրքիան, առանց խպնելու, ամբողջ մարդկութեան կողմէ պաշտամունքի առարկայ Արարատ լերան տիրանալէ ետք, ուր, ըստ Սուրբ Գիրքի, Նոյեան տապանը հանգչեցաւ, եւ կարօտակէզ այցելուն կարող է մայրաքաղաք Երեւանի բարձունքներէն, մատներուն ծայրովը հպիլ անոր, այո՛, Էրտողանի Թուրքիան կը ժպրհի զայն ջնջել տալ մեր ազգային զինանշանէն ու յիշողութենէն:
Ուրեմն անհեթեթ այդ տրամաբանութենէն մեկնելով, ինքը` թուրք պետութիւնը, ի՞նչ իրաւունքով մահիկը զետեղած է իր դրօշին վրայ, քանի որ լուսինը իր ազգային պատկանելիութիւնը չէ եղած, դէպի Բիւզանդիոն անոր արշաւանքէն առաջ ու վերջ, որքան որ տեղեակ ենք:
Եւ տակաւին, մեր տեսածն ու վկայածը սկիզբն է երկանց… Մեր յարգարժան, երաժշտագէ՛տ վարչապետը, վասն ոսոխին հետ թէական հաշտութեան, դեռ ի՞նչ անէծքներ պիտի բերէ հայ ժողովուրդին գլխուն. այդ մէկը սիրելի ընթերցողին կը թողունք կռահել…
Թոյլ տուէք սակայն, դարձեալ կրկնենք լափալիսեան սա ճշմարտութիւնը, թէ մեզի դրացի երկիրներու հետ հաշտ ապրելու լաւագոյն ձեւը դիմացինին անհաշիւ տալու մէջ չի կայանար, այլ կատարուած զիջումներու դիմաց հաւասարապէս կայուն ու շօշափելի բան մը ստանալով ու ձեռք բերելով է, որ կ՛իմաստաւորուի ու կ՛արդարանայ: Բան մը, որ Հայաստանի իշխանութիւններու հասողութենէն ու իմացականութենէն փարսախներով հեռու կը մնայ:
Տակաւին, բոլոր այդ մեղանչումներու կողքին, իշխող կուսակցութիւնը, ներկայիս թշնամիին օրինակին հետեւելով, վիճելի մեղադրանքներով զոյգ մը ազգային բարերարներ կալանքի տակ կը պահէ` անոր ջրաղացին ջուր լեցնելով:
Ռիչմընտ, Վըրճինիա



