Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի Ծննդեան 65-Ամեակին Նուիրուած Երիտասարդ Գիտաշխատողներու Գիտական Նստաշրջան
3-5 յուլիսին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի Երիտասարդ գիտաշխատողներու խորհուրդին հերթական գիտական նստաշրջանը` նուիրուած պատմական գիտութիւններու փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի ծննդեան 65-ամեակին:
Գիտական նստաշրջանը կազմակերպուած էր Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով, իսկ անոր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ յուլիս 4-ին:
Բացման խօսքը արտասանեց Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Համօ Սուքիասեան: Իր խօսքին մէջ ան կարեւոր նկատեց գիտական նստաշրջաններուն դերը երիտասարդ հետազօտներու մասնագիտական կայացման, պատմագիտական արդիական խնդիրներու շուրջ գիտական երկխօսութեան զարգացման եւ հիմնարկներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման մէջ` յատկապէս ընդգծելով ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի բացառիկ աւանդը հայ պատմագիտութեան զարգացման, գիտական դպրոցի կազմաւորման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ պատմաբաններու սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան մէջ:
Նստաշրջանին լիագումար նիստը ամբողջութեամբ նուիրուած էր ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի գիտական ժառանգութեան բազմակողմանի գնահատման: Ներկայացուած զեկուցումները կը վերլուծէին անոր ներդրումը հայ պատմաժողովրդագրական դպրոցի կազմաւորման, Լոռիի եւ Ջաւախքի պատմութեան ուսումնասիրութեան, Հայկական հարցին եւ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրներուն վերաբերող գիտական հետազօտութիւններուն, երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական պատմագիտական համագործակցութեան զարգացման մէջ: Առանձին զեկուցումով ներկայացուեցաւ նաեւ ակադեմիկոսին գործունէութիւնը` որպէս գիտական ղեկավարի եւ պատմագիտական դպրոցի ձեւաւորողի, ընդգծելով անոր նշանակելի դերակատարութիւնը երիտասարդ հետազօտներու մասնագիտական կայացման ընթացքին: Գիտական նստաշրջանին աշխատանքները շարունակուեցան երեք մասնագիտական նիստերով, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ` Հայոց պատմութեան, հնագիտութեան, պատմական ժողովրդագրութեան, Եկեղեցւոյ պատմութեան, խորհրդային շրջանի պատմութեան, պատմամշակութային ժառանգութեան, Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի պատմութեան եւ ժամանակակից պատմագիտական այլ հիմնահարցերու վերաբերեալ: Նստաշրջանին մասնակցեցան Պատմութեան հիմնարկի երիտասարդ գիտաշխատողները, ասպիրանտները եւ հայցորդները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ազգային արխիւի, Երեւանի պետական համալսարանի, Հայաստանի ազգային ագրարային (գիւղատնտեսական. խմբ.) համալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ներկայացուցիչները:
Գիտական նստաշրջանին արդիւնքները ամփոփելով` ընդգծուեցաւ, որ նման ձեւաչափով գիտական ձեռնարկները կարեւոր հարթակ կը հանդիսանան` երիտասարդ պատմաբաններու մասնագիտական յառաջընթացին, նոր գիտական գաղափարներու շրջանառութեան, գիտական փորձի փոխանակման եւ հայ պատմագիտութեան արդիական հիմնահարցերուն շուրջ մասնագիտական քննարկումներու խորացման համար` միաժամանակ շարունակելով այն գիտական աւանդութիւնները, որոնց կազմաւորման եւ զարգացման մէջ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը ունեցած է առանցքային դեր:
Աւարտին ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտական նստաշրջանին կազմակերպիչներուն, զեկուցողներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն` բարձր գնահատելով երիտասարդ գիտաշխատողներու նախաձեռնողականութիւնն ու գիտական աշխուժութիւնը:
«Տը Կոլի Ճակատամարտը» Ժապաւէնի Հերոս, Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Մէջ
16 յուլիսին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսացի բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրիի «Տը Կոլի ճակատամարտը» ժապաւէնին հայաստանեան առաջին ցուցադրութիւնը: Ֆրանսայի ազգային հերոս զօրավար Շարլ տը Կոլի դերը կը մարմնաւորէ ֆրանսահայ դերասան Սիմոն Աբգարեանը` «Մոլիէր»-ի, «Սեզար»-ի եւ այլ մրցանակներու դափնեկիրը: Աւելի կանուխ ժապաւէնը ցուցադրուած էր Քաննի շարժապատկերի փառատօնին եւ արժանացած էր մեծ արձագանգի: 1940-ին, երբ ամբողջ երկիր մը անձնատուր եղաւ նացիական չարիքին, մէկ անձ որոշեց շարունակել պայքարը: Տը Կոլի մասին այս ժապաւէնը երկմասանի դիւցազներգութիւն մըն է, ուր կը տեսնենք զօրավար տը Կոլի կազմաւորումը, եւ թէ ինչպէ՛ս մէկ մարդու չյանձնուելու կամքը կրնայ ոգեշնչել հազարաւորներ` հայրենիքը բռնատիրութենէն փրկելու համար:
Անթոնեն Պոտրիի այս ժապաւէնը ֆրանսական շարժապատկերի պատմութեան ամէնէն բարձրարժէք գործերէն մէկն է, ուր մեծ նրբանկատութեամբ վերարտադրուած են Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներու Ֆրանսան եւ տարբեր ճակատամարտեր, որոնց մասնակցած են զօրավար տը Կոլի ֆրանսացի մարտիկները` ազատութիւնը վերանուաճելու ճամբուն վրայ:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ Սիմոն Աբգարեանը պարգեւատրուեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ` նախարարութեան Ոսկէ մետալով` համաշխարհային թատերարուեստին եւ շարժապատկերի արուեստին մէջ ունեցած նշանակելի աւանդին, հայկական մշակոյթը միջազգային բեմերուն վրայ արժանապատուօրէն ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ հայ-ֆրանսական մշակութային կապերու զարգացման ուղղուած երկարամեայ եւ բեղմնաւոր գործունէութեան համար: «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեանն ալ Սիմոն Աբգարեանին յանձնեց «Ոսկէ ծիրանի վարպետ» մրցանակը:
Սիմոն Աբգարեան ըսաւ, որ ուրախ է այս գեղեցիկ փառատօնին մաս կազմելուն համար: Ան խօսեցաւ դիմադրութեան մասին եւ ըսաւ, թէ կը հաւատայ դիմադրութեան ուժին: Հետեւաբար պէտք է տոկալ ու դիմադրել: Ժապաւէնի յատուկ ցուցադրութեան առիթով Երեւան ժամանած էր նաեւ ժապաւէնի բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրին, որ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս համար: Ֆրանսայէն դուրս այս առաջին երկիրն է, ուր պիտի ցուցադրենք այս ժապաւէնը, եւ ասիկա ինծի համար շատ յուզիչ է: Այս երկու ժապաւէնները թէ՛ կատակերգական են, թէ՛ ողբերգական, բայց որոշ տեսարաններու ընթացքին ձեզի նաեւ արտօնուած է ծիծաղիլ: Անոնք գլխաւորաբար այն մասին են, թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ կը գիտակցիս, որ հայրենիքդ կորսուած է: Տը Կոլի երազանքները շատ աւելի մեծ էին, քան` այն տխուր իրականութիւնը, որուն կը բախէր: Հաւանաբար ասիկա է իսկական դիմադրութիւնը` ի տարբերութիւն տոկունութեան կամ վերականգնելու կարողութեան, ինչպէս քիչ առաջ Սիմոնը ձեւակերպեց: Երկու պատճառ կայ, թէ ինչո՛ւ այսքան երջանիկ եմ այս ժապաւէնին Հայաստանի մէջ ցուցադրելուն համար: Առաջինը այն է, որ դուք գիտէք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դիմադրութիւն: Երկրորդ պատճառը, անշուշտ, Սիմոնն է»: Ան նաեւ պատմեց հետեւեալ զուարճալի դէպքը. «Պատերազմի տարիներուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռուզվելթը փափաքեցաւ, որ տը Կոլի մասին ժապաւէն մը նկարուի: Ան հեռաձայնեց իր լաւագոյն բարեկամներէն մէկուն եւ խնդրեց տը Կոլի մասին ժապաւէն մը պատրաստել: Վերջինը, իր կարգին, հեռաձայնեց երիտասարդ գրող Ուիլիըմ Ֆոլքնըրին եւ ըսաւ անոր. «Տը Կոլի մասին բեմագրութիւն մը գրէ»: Ֆոլքնըրը քանի մը տարբերակներ գրեց: Ես զանոնք կարդացած եմ, բայց այնքան ալ յաջող չէին: Ան ըսաւ, թէ դիմադրութեան մասին ժապաւէն նկարահանելու գաղափարը շատ լաւ է, սակայն պէտք է բացառել տը Կոլը իբրեւ կերպար. ան պէտք չէ ժապաւէնին հերոսը ըլլայ, որովհետեւ երբեք դերասան մը պիտի չգտնուէր, որ կարենար զինք մարմնաւորել: Այսպիսով, երբ սկսայ այս նախագիծը, գիտէի, թէ ճիշդ տը Կոլը գտնելը իսկապէս մեծ մարտահրաւէր մըն էր: Սիմոնը ակնյայտ ընտրութիւնն էր, եւ կը կարծեմ, թէ ան բոլոր ֆրանսացիներուն` իմ ամբողջ ժողովուրդիս, տուաւ այն պատկերացումը, թէ իրականութեան մէջ ո՛վ էր տը Կոլը»:
Նշենք, որ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի բացման արարողութենէն առաջ Սիմոն Աբգարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով իր մարմնաւորած կերպարին, նշած էր, թէ տը Կոլի մասին ժապաւէնը ազատութեան, հպարտութեան, պայքարի, մարդկութեան, հերոսութեան եւ հայրենիքին հանդէպ սիրոյ մասին է, իսկ Շարլ տը Կոլը այն մարդն էր, որ իր երկրին վերադարձուց պատիւը:
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արի–Արենոյշները Պռոշեանի Պանթէոնին Մէջ Աշխատանք Կատարեցին
Չորեքշաբթի, 21 յուլիս 2026ին, համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ սկաուտական բանակումին մասնակցելու համար հայրենիք ժամանած ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 150 արի-արենուշներ միօրեայ հանրային ծառայական աշխատանք կատարեցին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) անդամներուն հետ` գործակցութեամբ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոն, ուր ծանօթացաւ ՀԵՄ-ի անդամներուն: Ներկաները ողջունեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան` ընկերակցութեամբ Հռիփսիմէ Նահապետեանի: Բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչ Ժորա Աւտալեան, իսկ գեղեցիկ այս համագործակցութեան համար երախտանքի իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութեան փոխպատասխանատու Լարա Փանոսեան:
Կէսօրուան միասնական ճաշէն եւ իրարու ծանօթանալէ ետք, զոյգ պատուիրակութիւնները մեկնեցան Պռօշեանի պանթէոն, ուր յուզմունքով մաքրեցին հայրենիքի պաշտպանական մարտերուն նահատակուած եւ հոն հանգչող մեր հերոսներու շիրիմներն ու շրջակայ տարածութիւնը: Այնուհետեւ անոնք եղեւնիներ ցանեցին պանթէոնի շուրջ: Օրուան կարեւոր ծառայական այս աշխատանքը ամփոփուեցաւ Ժիրայր Պէօճէքեանի դասախօսութեամբ, որուն ընթացքին ան ներկայացուց պանթէոնի մէջ հանգչող պռօշեանցի նահատակներուն սխրանքները: Սկաուտական դաւանանքին համապատասխանող գործունէութեան այս օրը վերջ գտաւ յիշատակի խմբանկարով` անմահացած մեր հերոսներու նկարներու պատին տակ:
Հոգեւոր–Ձեռագրական Կեդրոնները` Հայագիտական Միջազգային Քոնկրեսի Ռազմավարական Բարձրակէտ
24 յուլիս 2026-ին Երեւաի մէջ տեղի ունեցած 3-րդ Հայագիտական միջազգային քոնկրեսի ծիրին մէջ կատարուեցաւ աւանդութեան վերածուած կլոր սեղան-քննարկում մը` Մատենադարանի վարչական կազմին եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Քննարկումին կը մասնակցէին հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան, Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, Մխիթարեան միաբանութեան, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան ներկայացուցիչները:
Հրաւիրեալներուն շարքին էին նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանն ու Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեանը:
Քննարկումը ընդգրկեց հարցերու լայն շրջանակ` ձեռագրական հաւաքածոներու պահպանութեան համակարգի արդիականացում, թուայնացում եւ գիտական հետազօտութիւն: Բոլոր կողմերը վերահաստատեցին իրենց անվերապահ պատրաստակամութիւնը` շարունակելու արդէն իսկ իրականացուող համատեղ ծրագիրները եւ մշակելու յառաջիկայ գործողութիւններու ծրագիրը:
Մասնաւորապէս կարեւոր նկատուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն կատարուած առաքելութեան արդիւնքները, Զմմառի կղերի միաբանութեան նորաստեղծ ենթակառոյցներուն ցուցաբերուած մասնագիտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն բերուած 10-րդ դարու Աւետարանին վերականգնումը: Մատենադարանի տնօրէնութիւնը այս առիթով պաշտօնապէս հրաւիրուած է Անթիլիաս եւ Զմմառ:
Քննարկումին մասնակիցները ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային քոնկրեսի բացառիկ դերը` իբրեւ առկայ խնդիրներու համատեղ վերլուծման եւ համագործակցութեան հաստատութենական հարթակ:
Հանդիպումի աւարտին ստորագրուեցաւ երկամեայ պայմանագիր` Մատենադարանին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան միջեւ` համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքներու շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով:
Միասնական շտեմարանին մէջ պիտի ներկայացուին Մատենադարանի եւ աշխարհի տարբեր ձեռագրական կեդրոններու, գրադարաններու ու թանգարաններու հայերէն ձեռագրական հաւաքածոներու եւ միաւորներու գիտական նկարագրութիւնները (ձեռագրացուցակները): Այսպիսով, մեծապէս պիտի բարձրանայ աշխարհասփիւռ հայերէն ձեռագիրներու տեսանելիութիւնն ու գիտական շրջանառութիւնը: Այս ծրագիրը բեկումնային է հայ ձեռագրագիտական աւանդոյթի պատմութեան մէջ եւ լայն ասպարէզ կը ստեղծէ ձեռագիրներու ուսումնասիրման միջազգային գիտական ուժերու ներգրաւման համար:






