Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Ազրպէյճան Քնեսեթի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Քուէարկութիւնը Կասեցնելու Գործարք Կնքած Է

July 21, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը յունիսի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ, սակայն Քնեսեթի մէջ քուէարկութիւնը տեղի չունեցաւ` քուլիսներու ետին քաղաքական ու դիւանագիտական պայքարէ ետք:

Հակառակ այն գնահատումներուն, թէ քուէարկութիւնը կանգ առնուած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին կողմէ ուղղակի միջամտութեան հետեւանքով, այդ հարցը վճռած են հարետիմ կուսակցութիւնները, որոնք Ազրպէյճանի մէջ կողմերու հետ հաղորդակցութիւններէ ետք գործած են Քնեսեթի մէջ:

«Մաարիւ» կը բացայայտէ, թէ 26 յունիսի կառավարութեան նիստէն երկու օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ անոր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ վնասել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարդ յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ հաշտեցման ջանքերուն, որոնք համահունչ են Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրով յառաջ մղուած խաղաղութեան ծրագիրին:

Մանրամասնութիւններուն ծանօթ աղբիւրներու համաձայն, Պայրամով Սահերին փոխանցած է պատգամ մը, թէ Պաքուն դժգոհ է իսրայէլեան քայլէն եւ կը նախընտրէ, որ այդ որոշումը կառավարութեան մէջ չորդեգրուի:

Օրաթերթը կը նշէ, թէ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումի որդեգրումէն ետք կը ծրագրուէր, որ որոշումը հաւանութեան համար նաեւ ներկայացուի Քնեսեթին` անոր խորհրդարանական զօրակցութիւն ապահովելու համար: Որոշումը երկու անգամ իբրեւ հրատապ առաջարկ ներառուած է օրակարգի վրայ, սակայն երկու անգամին ալ վերցուած է եւ վերջաւորութեան քուէարկութեան չէ ներկայացուած:

Ի յայտ եկած է, որ «կառավարութեան որոշումին յաջորդող օրերուն Ազրպէյճանի հրէական համայնքի քանի մը անդամներ, ներառեալ Պաքուի սեֆարտեան ռաբբի Զամիր Իսայեւ շարք մը բանակցութիւններ վարած են Քնեսեթի հարետիմ ականաւոր անդամներու հետ, այդ բանակցութիւններուն ընթացքին նշուած է, թէ ճանաչման ընդունումը Քնեսեթի մէջ կրնայ վնասել թէ՛ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերուն, թէ՛ ալ Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հետզհետէ աւելի սերտացող ռազմավարական յարաբերութիւններուն: Հրեայ պաշտօնատարները նաեւ նշած են Իսրայէլի համար Ազրպէյճանի կարեւորութիւնը Իրանի հետ դիմակայութեան հարցին մէջ` Իսլամական հանրապետութեան հետ հասարակաց սահմանի, Պաքուի հետ անվտանգութեան սերտ համագործակցութեան եւ Իսրայէլի քարիւղի ու լրացուցիչ ուժանիւթային ներուժներու աւելի քան 40 առ հարիւրի մատակարարման պատճառով»:

«Մաարիւ» կը բացատրէ, թէ այս ցուցմունքներուն հետեւանքով Քնեսեթի հարետիմ անդամները աշխատած են քուէարկութիւնը խափանելու ուղղութեամբ: Հարցին ծանօթ աղբիւրներու համաձայն, անոնք Լիքուտ կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն տեղեկացուցած են, որ եթէ բանաձեւը քուէարկութեան դրուի Քնեսեթի լիագումար նիստին, անոր դէմ պիտի քուէարկուի, եւ առաջարկը կրնայ ձախողիլ:

Օրաթերթը նաեւ նշեց, որ միաժամանակ ընդդիմադիր ականաւոր գործիչները կ՛աշխատէին բանաձեւին դէմ դաշինք կազմելու ուղղութեամբ: Վարչապետի խորհրդականները ուսումնասիրած են Քնեսեթի մէջ իրավիճակը եւ որոշած, որ բանաձեւը որդեգրելու համար երաշխաւորուած մեծամասնութիւն չկայ: Հետեւաբար, Նեթանիահու որոշած է զայն քուէարկութեան չդնել եւ փոխարէնը յոյս դրած է կառավարութեան որոշումին վրայ:

 

Նախորդը

Դաւիթ Մանուկեան Ազրպէյճանական Բանտէն Դիմած Է Նիկոլ Փաշինեանին

Յաջորդը

Էնտի Պըռնհամ Ստանձնեց Բրիտանիոյ Վարչապետի Պաշտօնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.