Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միասնականութիւն. Ազգային Կամքի Եւ Հաւաքական Պատասխանատուութեան Արտայայտութիւն

June 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ազգային կեանքի մէջ միասնականութիւնը նոյնանման տեսակէտներու գոյութենէն աւելի` տարբեր մտածողութիւններու, հակումներու եւ մօտեցումներու առկայութեան պայմաններու մէջ, ընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբուելու կամքն ու կարողութիւնն է:

Ան նախ եւ առաջ հաւաքական նպատակներու շուրջ համախմբուելու կարողութիւնն է, որով տարբեր մտածողութիւններ, կուսակցական պատկանելիութիւններ, աշխարհայեացքներ եւ նախասիրութիւններ կը գտնեն համագործակցութեան եզր մը` ազգային գերագոյն շահերուն ծառայելու համար:

Ազգային-քաղաքական կեանքի մէջ միասնականութիւնը կը նշանակէ ընդհանուր մարտահրաւէրներու դիմաց մէկ կամքի դրսեւորում, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար համատեղ ճիգ, իսկ ճակատագրական հարցերու պարագային` բաժանարար գիծերէն վեր բարձրանալու հասունութիւն: Այն ժողովուրդները, որոնք դժուար պահերուն կը համախմբուին, աւելի տոկուն կը դիմագրաւեն փորձութիւնները եւ աւելի վստահ կ՛առաջնորդեն իրենց ապագան:

Սակայն միասնականութիւնը չի սահմանափակուիր գեղեցիկ արտայայտութիւններով, հանդիսաւոր լուսանկարներով կամ սուրճի սեղաններու շուրջ կատարուող քաղաքավարական հանդիպումներով: Երբ համագործակցութիւնը կը մնայ խօսքերու, ժպիտներու եւ ձեւական մօտեցումներու սահմաններուն մէջ, ժամանակը կը սպառի, իսկ խնդիրները կը խորանան: Այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ «միասնականութիւն» բառը կը վերածուի կարգախօսի` առանց կենսունակ բովանդակութեան:

Այսօր սփիւռքահայ համայնքները կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ` ձուլում, արտագաղթ, կրթական դժուարութիւններ, մշակութային նահանջ եւ ազգային ինքնութեան թուլացում, ազգային խորհրդանիշներու  փոշիացում… Այս պայմաններուն մէջ հրամայական կը դառնայ գործնական, նպատակասլաց եւ արդիւնաբեր միասնականութիւնը: Անհրաժեշտութիւն կայ` միաւորելու կարելիութիւնները, համակարգելու ջանքերը եւ համատեղ ծրագրելու վաղուան ուղին:

Հայրենական շահերու պաշտպանութիւնը, ազգային արժէքներու փոխանցումը, հայ մշակոյթի պահպանումը եւ սփիւռքեան ինքնութեան ամրապնդումը կը պահանջեն աւելի քան բարեկամական հանդիպումներ: Անոնք կը պահանջեն` տեսլական, կազմակերպուած աշխատանք եւ պատասխանատու մասնակցութիւն:

Ուստի իսկական միասնականութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ խօսքը կը վերածուի գործի, իսկ ազգային շահը կը բարձրանայ անձնական կամ խմբակային հաշիւներէն վեր: Մնացեալը` սուրճի սեղաններու շուրջ ստեղծուած պատրանքներ, հաճելի ժամանցի արժէք կրնան ունենալ, սակայն ազգակերտ ուժի չեն վերածուիր:

 

 

Նախորդը

ՀՀ Ներկայ Իրավիճակը. Լռութիւնը Ամէնամեծ Սխալն Է. Ազգային Պատասխանատութեան Եւ Ընդդիմադիր Համախմբման Հրամայականը

Յաջորդը

Հայ Պատմական Եղափոխութեան Եւ Պատմագիտութեան Մասին Նոր Եւ Գիւտարարական Աշխատութիւն Մը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.