Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի 73 Երեխաներ Գեղեցիկ Հանդիսութեան Ընթացքին Ստացան Իրենց Անդրանիկ Վկայականները

June 7, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 26 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ  Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բարեկամներու:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին հանդիսավարն էր Հուրի Էմմիեան, որ տպաւորիչ ընդմիջումներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները լսելէ ետք, խօսք առաւ «Ա. Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեան եւ յոյս յայտնեց, որ մանկամսուրի երեխաները ամէնուրեք ապրին իրենց մանկութիւնը` իր բոլոր դրական պայմաններով եւ ուրախ մթնոլորտով: Մուղալեան ըսաւ. «Մեր երեխաները շատ փոքր են, իրենց ստացած այսօրուան վկայականն ալ երբեք մեծ չէ, թերեւս նաեւ վաղը չյիշուի: Հակառակ այս բոլորին` դուք լաւապէս պէտք է գիտնաք, որ այս մանկամսուրի վկայականը իրենց արմատներու ամրապնդումն է: Անոնք այսօր արդէն ունին ամուր եւ վստահելի արմատներ»:

Մանկամսուրին տնօրէնը հաստատեց, որ մանկամսուրի իւրաքանչիւր աշխատակից հպարտ է մանկամսուրով եւ դպրոցով, որովհետեւ այդտեղ կ՛իրականանայ նուիրական աշխատանք: Իր խօսքի աւարտին Սալբի Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք հաւաքաբար կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Ապա «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մանկամսուրի «Կանաչ», «Կապոյտ», «Դեղին» եւ «Կարմիր» դասարաններու երեխաները «շրջագայեցան երկրէ երկիր»` ծանօթացնելով իւրաքանչիւրին պարն ու երգը: Ֆրանսական, ափրիկեան, պրազիլեան, փորթուգալեան, հնդկական եւ արաբական պարեր ու երգեր ներկայացնելէ ետք, «կանգ առին հայրենի հողին վրայ» եւ պարեցին «Իմ անունը Հայաստան է» երգը:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը, որ շեշտեց, թէ մանկամսուրը երեխաներու կազմաւորման առաջին քայլն է, որուն շարունակութիւնը անպայման պէտք է ըլլայ հայկական վարժարանի մէջ, որպէսզի «Ալիս Ներկիզեան»-ի դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր շունչը շարունակուի մինչեւ կազմաւորման վերջին հանգրուանը: Կ. Գալուստ շեշտեց, թէ հայ դպրոցը հայապահպանման ամուր կռուան է, եւ Մեսրոպեան վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ մնայուն կերպով զարգացման եւ բարեկարգման ենթարկուելու համար:

Կրեկուար Գալուստ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիս Ներկիզեանին եւ իր որդւոյն` Վարուժ Ներկիզեանին, որոնք մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնին վարժարանին` բարոյապէս եւ նիւթապէս:

Ապա իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ նշեց, թէ մանկամսուրի աշակերտները ապագայ ծիլերն են, որոնք պիտի աճին եւ իրենց նպաստը պիտի բերեն լիբանանահայ ընկերութեան: Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ, որ մանկամսուրը անհատի կազմաւորման առաջին հանգրուանն է, եւ այս առնչութեամբ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ունի համապատասխան բոլոր տուեալները` փոխանցելու կրթութիւն, ապահովութիւն եւ գուրգուրանք:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ ասմունքներու եւ երգերու ընկերակցութեամբ ներկայացուցած էին մանկամսուրի աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ` մայրերու տօնին առիթով: Տեսերիզին յաջորդեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեանի ձեռամբ մանկամսուրի 73 շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Քեսապահայ Մշակութային Կեանք. Եղիշէ Չարենցի Հետ

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ձեռային Աշխատանքներու Տպաւորիչ Ցուցահանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.