Հրապարակուած է «Դրօշակ»-ի մայիսի թիւը: 2026-ի մայիսը անհանգիստ, փոթորկոտ էր Հայաստանի համար: Վերջին տարիներուն մայիսը խառն եւ հակասական զգացումներ կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մէջ: Իսկ այս անգամ այդ տրամադրութիւնները դրսեւորուեցան խորհրդարանական ընտրութիւններու խորապատկերով, որուն մէջ ներառուած է ամբողջ հանրապետութիւնը: Բնականաբար այս բոլորը չէին կրնար իրենց արտացոլացումը չունենալ «Դրօշակ»-ի մայիսեան թիւին մէջ: Այս ընտրութիւնները սովորական չեն, այլ ունին ճակատագրական բնոյթ` Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար:
«Դրօշակ»-ի հեղինակները իրենց գրութիւններով զուգահեռներ կը գծեն 1918 թուականի պատմական օրերուն եւ ներկայ իրողութիւններուն միջեւ, կը վկայակոչեն հայութեան համար շարունակուող մեծագոյն կորուստներու պահուն սեփական ներուժին ապաւինելով հայրենիքի վերջին բեկորները փրկելու փաստը` մատնանշելով, թէ ինչպէ՛ս հարիւր տարի անց այլ իշխանութիւններ պառակտեցին ազգը, սերմանեցին վախի ու յուսահատութեան տրամադրութիւններ եւ սկսան պաշտպանութիւն ու խաղաղութիւն մուրալ օտարներէն, նոյնիսկ` թշնամիէն, որուն հետ երկիրը փաստացի պատերազմական վիճակի մէջ է:
Պաշտօնաթերթի հեղինակները կ՛անդրադառնան այն արմատական կորուստներուն, զորս երկիրը տակաւին կրնայ կրել գործող իշխանութեան վերարտադրութեան պարագային: Ընտրութեան հարցը ի հարկէ առանցքային է եւ կարմիր թելի նման կ՛անցնի ներկայացուող յօդուածներուն միջով:
Արեւելագէտներ Լիանա Պետրոսեանը եւ Նարէ Գէորգեանը կը լուսաբանեն համապատասխանաբար Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ պետականօրէն կազմակերպուած այն քարոզչական եւ քաղաքական նախաձեռնութիւնները, որոնց միջոցով տուեալ երկիրները կը փորձեն ազդել Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ: Քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեան կ՛անդրադառնայ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգերուն շուրջ խմորուող գործընթացներուն, որոնք կրնան հանրապետութեան այս ներուժի համար կործանարար հետեւանքներ ունենալ ներկայ ընթացքով շարունակուելու պարագային:
Քաղաքագէտ Մարի Յովհաննիսեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ մայիս 1991-ն Գետաշէնի ու Մարտունաշէնի անկման ողբերգական իրադարձութիւնները: Ան կը ներկայացնէ այն վայրագութիւնները, որոնք պետականօրէն կազմակերպուած «Օղակ» գործողութեան միջոցով կատարուեցան բնիկ հայութեան նկատմամբ, երբ վայրագ, սատիստական ոճրագործութիւններով դատարկուեցան հազարամեայ հայկական գիւղերի բնակիչները:
«Դրօշակ»-ի այս թիւը կարելի է կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/06/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-5-2026%D5%A9.pdf


