ԼՈՌԻ ԱՅՆԷՃԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է հրաժեշտ տալ վեց տարեկան հրեշտակի մը:
Դուն դեռ պէտք է վազէիր, խաղայիր, ծիծաղէիր ու մեծնայիր: Դեռ այնքա՜ն երազներ կային, այնքա՜ն յիշատակներ, զորս պիտի վայելէինք քեզի հետ… Բայց այսօր մենք կը կանգնինք քու յիշատակիդ առջեւ` կոտրած սրտերով:
Քու կապոյտ, փայլփլուն աչքերդ մեր աշխարհին լոյսն էին: Անոնց մէջ կեանք կար, անմեղութիւն կար, այնպիսի մաքրութիւն մը, որ դժուար է բառերով նկարագրել: Իսկ քու կարմիր այտերդ ու քաղցր ժպիտդ ամէն անգամ ուրախութիւն կը սփռէին մեր շուրջը:
Դուն այնքան փոքր էիր, բայց այնքան սէր կը տածէիր ամէնուրեք ու բոլորին նկատմամբ: Ամէն մարդ, որ քեզ կը ճանչնար, քեզ կը սիրէր:
Դուն կը սիրէիր պաղպաղակը: Այսօր այդ պարզ յիշողութիւնն անգամ մեր աչքերուն արցունք կը բերէ, որովհետեւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ որքա՛ն գեղեցիկ ու անմեղ էր քու աշխարհդ:
Հիւանդութիւնը փորձեց խլել ուժերդ, բայց չկրցաւ խլել քու ժպիտդ: Նոյնիսկ ծանրագոյն օրերուն, երբ մենք կը ցաւէինք քեզի համար, դուն տակաւին կը ժպտէիր: Տակաւին կը խօսէիր մեզի հետ: Տակաւին սէր կը բաժնէիր բոլորիս:
Երբեմն կը մտածենք, թէ արդեօք գիտէի՞ր որքան սիրուած էիր: Արդեօք գիտէի՞ր, թէ քանի՜ սրտեր կը բաբախէին քեզի համար: Արդեօք գիտէի՞ր, թէ քու փոքրիկ ձեռքերդ որքան մեծ տեղ ունէին մեր կեանքերուն մէջ:
ՀՄԸՄ-ի տարազը որքա՜ն կը վայլէր քեզի, ուրախութեամբ կ՛երթայիր սկաուտական հաւաքներուն ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղին, որուն մոկլի վոհմակին մաս կը կազմէիր: Կիրակի, այս տարուան մայիսեան փառատօնին, որուն դուն այս անգամ կը բացակայէիր, յիշուեցաւ անունդ եւ բոլորը յարգեցին քու բարի յիշատակդ:
Այսօր երկինքը քեզ ունի, իսկ մենք` քու յիշատակդ: Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ մենք քեզ կ՛ուզենք այստեղ: Կ՛ուզենք կրկին տեսնել քու աչքերուդ փայլքը, լսել քու ձայնդ, տեսնել քու ժպիտդ:
Կը կարօտնանք այն մանուկին, որ աշխարհը աւելի գեղեցիկ եւ լուսաւոր կը դարձնէր միայն իր ներկայութեամբ:
Ալեքսա՛նտր, մեր սրտերուն մէջ կայ տեղ մը, որ միայն քեզի կը պատկանի, եւ դուն հո՛ն ես յաւիտեան:
Մինչեւ այսօր ալ դժուար է հաւատալ, որ դուն չկաս:
Եւ թերեւս երբեք պիտի չսորվինք ապրիլ առանց քեզի… Դո՛ւն` Ալեքսանտր, կը մնաս վառ յիշատակ մեր կեանքին ընթացքին` քու վառ ժպիտով ու վառվռուն աչքերով…
Ննջէ՜ խաղաղութեամբ, մեր անմեղ հրեշտակ:



