Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութային Պրիսմակ. «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Նորարար Ծրագիրին Առիթով

May 22, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» բանավէճի ծրագիրը` հիմնարկի Լիբանանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները եւ վարժողական դասընթացքներով, զտումի մրցանքներով կը պատրաստէ նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք հանրապետական մրցանքին մասնակցող աշակերտական խումբը:

Ճիշդ է, որ ցարդ ծրագիրը կը ներառէ Հայաստանի, Վրաստանի եւ  Լիբանանի աշակերտները, սակայն կը թուի, թէ ծրագրի պատասխանատուները, քաջալերուած` արդիւնքէն եւ խանդավառութենէն, հետամուտ են անոր տալու համահայկական բովանդակութիւն եւ յառաջիկային առիթ ստեղծելու, որ սփիւռքի այլ համայնքներ նաեւ մասնակից դառնան ծրագրին: Այս ծրագրին առիթով արժէ կատարել հետեւեալ դիտարկումները.

Ա.- Նման ծրագիրներ կը ներկայացնեն յոյժ կարեւորութիւն, որովհետեւ կը մղեն աշակերտները` իրենց մտային հորիզոնը ընդարձակելու, յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ փորձառութիւններ ամբարելու ու այդ բոլորը իրենց դատողութեամբ եւ քննական մօտեցումով ներկայացնելու: Այլ խօսքով` միտք բանաձեւելու եւ իւրայատուկ սեփական տեսակէտ զարգացնելու, ու այդ մէկը համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ ներկայացնելու եզակի առիթ մըն է, որ կը տրուի նորահաս սերունդին:

Բ.- Ծրագիրը օգտաշատ է նաեւ այն առումով, որ Լիբանանի տարբեր միջավայրերու եւ համայնքային տարբեր վարժարաններու մէջ կազմաւորուող ու դաստիարակուող տղաք ու աղջիկներ այս ծրագրի ճամբով պատեհութիւնը կ՛ունենան իրարու մօտ գալու եւ համամարդկային, միջազգային ու ազգային կարեւոր հիմնահարցեր միասնաբար քննարկելու ու նաե՛ւ վիճելու ու այդ հարցերու բիւրեղացման օգտաշատ հարթակ մը կենսաւորելու:

Գ.- Հայաստանի մէջ աւարտական փուլի կայացումը դաստիարակչական կրկնակի առիթ է, երբ անոնք Հայաստան այցելելով` առնչակից կը դառնան նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց սերնդակիցներուն հետ  այժմէական հնչեղութիւն ունեցող նոյն թեմաներուն եւ երեւոյթներուն եւ համատեղ քննարկումի ճամբով կ՛օժտուին նոր փորձառութիւններով: Աւելի՛ն. Հայաստանի մէջ անոնց միասին անցուցած օրերը եւ ժամերը հայկական պատկանելիութեան դրեսեւորման անփոխարինելի առիթներ են ու համատեղումը կը դարձնեն յիշատակելի, անմոռաց ու դրոշմուած` անոնց կեանքի երթին մէջ:

Դ.- Ներկայ ժամանակներուն մէջ ողջունելի ու քաջալերելի են աշակերտական, միջդպրոցական մշակութային, զարգացման ու գրական մրցանքները, բայց ժանանակակից` աշխարհի անհրաժեշտութիւններէն մեկնած, նման նորարար ծրագիրներ կու գան աւելիով իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունենալու նորահաս սերունդներու մարդկային ու ազգային կազմաւորման վրայ:

Ե.- Թերեւս ուսումնասիրելի օրակարգ է` մեկնելով այս փորձառութենէն, մեր դպրոցներուն մէջ  հաստատելու այսպիսի նորարար  ծրագիրներ` յատկացնելով ի պահանջել հարկին դասապահեր եւ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները եւ այդ ոլորտին մէջ աշակերտներուն անցուցած ժամերը դրականօրէն ծառայեցնել ու օգտագործել տուեալներու եւ տեղեկութիւններու հաւաքագրման, որպէսզի անոնք նման օգտաշատ ծրագիրներու մէջ խորանան եւ ոչ թէ իրենց ժամանակը մսխեն այդ ցանցերու վրայ տեղադրուած շատ յաճախ անբովանդակ եւ անիմաստ խաղերով եւ  մրցումներով:

Զ.- Այսպիսի ծրագիրներ կը սատարեն փոքր տարիքէն ակադեմական մասնագէտներու հետ շփուելու ու այդ ճամբով անոնք կը բացայայտեն աշակերտներուն կարողականութիւնն ու հետաքրքրութիւնը, եւ այս մէկը լաւագոյնս կը նպաստէ ապագայի իրենց մասնագիտութեանց ընտրութեան:

Է.- Կարեւոր աշխատանք մըն է այս ծրագիրը եւ հայ վարժարանի դերին ու առաքելութեան հարազատ արտացոլացումը մը: Կը մնայ մտածել նաեւ այն հայ աշակերտներու մասին, որոնք ոչ թէ իրենց,այլ իրենց ծնողներու որոշումով կը յաճախեն օտար վարժարաններ, եւ եթէ համարձակ մտածենք, հաւանաբար մասնագէտներ հարկ է որ մեզի թելադրեն, թէ այդ աշակերտները ինչպէ՞ս կարելի է ներառել եւ չզրկել այսպիսի օգտաշատ ծրագիրներու մասնակցութենէն:

Վերջապէս, վարձքը կատա՛ր «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին եւ այս պարագային` անոր Լիբանանի գրասենեակին, որ համայնքային մեր կեանքին մէջ այսպիսի նոր որակի մօտեցում մը ներմուծեց: Շնորհակալութիւն, ծրագրի պատասխանատուներուն, վարժողական ծրագիրը իրականացնողներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ այն ուսուցիչներուն, որոնց համատեղ աշխատանքի գեղեցիկ արգասիքն է  ձեռքբերուած այս յաջողութիւնը:

Մաղթենք, որ լիբանանահայ աշակերտները յառաջիկային յաւելեալ փորձառութեան ձեռք բերումով աւարտական փուլի մրցանքներուն նուաճեն առաջնակարգ աւելի բարձր դիրքեր:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի 9-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Դէպի Ասիա

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Ասթոն Վիլա Շահեցաւ «Եուրոփա Լիկ»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.