Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՍՏ «ԷԼ.ՊԻ. ՍԻ.»-ի տեղեկութեան, Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութեան  առաջին փուլը կը սկսի հինգշաբթի օր, Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:00-ին, եւ կ՛աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, ապա կը շարունակուի ուրբաթ օր: Ժողովը պիտի սկսի պատուիրակութիւններուն միջեւ եռակողմ հանդիպումով, որմէ ետք իւրաքանչիւր պատուիրակութիւն կ՛առանձնանայ իր ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելու համար, ապա պատուիրակութիւնները դարձեալ ժողովի կը վերադառնան:

ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան կողմը Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայէն խնդրեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցել ուղղակի պատգամ մը, որ կը վերաբերի անհրաժեշտութեանը Իսրայէլի վրայ իսկական ճնշում բանեցնելուն, որպէսզի հինգշաբթի օրուան նիստէն առաջ կրակոցը եւ մագլցումը դադրեցնէ»:

-«ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի համաձայն, «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Պէյրութէն մեկնեցաւ դէպի Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու երրորդ ժողովին»:

-«ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Բանակցութիւններուն երկու օր տրամադրելու պատճառը կրնայ այն հաւանականութիւնը ըլլալ, որ առաջին ժողովը յատկացուի դեսպաններու մակարդակով բանակցութեան, իսկ բանակցութեան երկրորդ օրը տրամադրուի պատուիրակութիւններու պետերու մակարդակով պաշտօնական բանակցութեան»:

-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը Լիթանի գետին վրայ կատարած է ճարտարապետական աշխատանքներ, որոնք ապագային զրահապատ եւ ցամաքային ուժերու անցումը կ՛արտօնեն:

-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, մէջբերելով հիւսիսային Իսրայէլի մէջ բնակեցուածներուն խօսքերը կը նշէ. «Մեր կեանքը դժոխքի վերածուեցաւ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակին առաքելութիւնը ի՛նչ է»:

-«ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական գործիչներու պետութեան երեք ղեկավար դէմքերուն փոխանցած ամէնէն յաճախակի ուղերձը Լիբանանի մէջ ներքին կայունութիւնը պահպանելը, հակամարտութենէն խուսափիլը եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը երբեք չխաթարելն է, ինչ որ պէտք է կարմիր գիծ ըլլայ»:

-«ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Շրջանային ազդու պետութիւն մը չի դադրիր հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը բարձր գնահատելէ, մանաւանդ որ այդ պետութեան կարծիքով` բաւական ատենէ ի վեր Լիբանանը չէ ճանչցած բարձրաստիճան դիրքերու վրայ պաշտօնատարներ, որոնք լաւապէս գիտեն այն նպատակները, որոնց համար կ՛աշխատին եւ իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կը կանգնին, ինչպէս պէտք է»:

-«ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «գոյութիւն ունի յառաջ ընթացած երեսփոխանական ուղղուածութիւն մը, որ կը միտի մահապատիժը ջնջելու օրինագիծի որդեգրման, ինչ որ քրէական արդարադատութեան ընկալման մէջ աստիճանական փոփոխութեան մը ցուցանիշն է եւ Լիբանանը կը դնէ շատոնց սպասուած իրաւական ու մարդու իրաւունքներու գործընթացի առջեւ»:

-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բարձրաստիճան պաշտօնական աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սուրիոյ նախկին բանակի սպաներու Դամասկոսին յանձնելը տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնագիրի պատրաստութենէն ետք»:

Ըստ նշեալ աղբիւրին, Սուրիոյ նախկին բանակի Պեքայի եւ Հիւսիսային Լիբանանի ապօրինի անցակէտերու ճամբով Լիբանան մուտք գործած սպաներու մեծ մասը կը գտնուի Պեքայի, արեւելեան Լիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

-ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ:

-ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ փորձագէտ Սարին Գարաճրճեան «Անպա» օրաթերթին. «Շրջակայ միջավայրի ոչնչացումը հասարակութիւնը թիրախաւորելուն մէկ մասն է, իսկ վերականգնումը տարիներ ու տասնամեակներ պիտի տեւէ: Հարաւային Լիբանանը նոյնիսկ պատերազմի դադրեցումէն ետք կը բախի բնապահպանական տեղահանութեան»:

-95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 28000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.500.000 լ.ո.-ի եւ 2.518.000 լ.ո.-ի: Մազութին գինը նուազեցաւ 33000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.265.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 71000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.498.000 լ.ո.-ի:

-ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ վառելանիւթերու ցրուիչներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վառելանիւթը ապահովուած է, սակայն ապահովագրման ու առաքման ծախսը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ վառելանիւթի վերջնական գիներուն վրայ:

 

Նախորդը

Վոլոտին. «Ուքրանիոյ Մէջ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Սկսաւ. Արդեօք Ատիկա Հայաստանի Քաղաքացիներուն Պէ՞տք Է»

Յաջորդը

Միջինարեւելեան Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութիւնները Ջնջուեցան

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.