. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Այն պահուն, երբ աշխատանք կը տարուի զինադադարը մէկ շաբաթով երկարաձգելու, խախտումներ արձանագրուեցան, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ այդ երեւոյթը կրնայ շարունակուիլ նոյնիսկ եթէ այս ժամանակամիջոցը երկարաձգուի, կացութիւնը փխրուն է, եւ յառաջիկայ փուլը` մշուշոտ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Մասնաւորաբար նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի կողմէ արտաքին հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` բանակցութիւններուն վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշման աջակցութեան ապահովման համար, մինչ պատերազմը վերսկսելու մտավախութիւնը տակաւին մեծ համեմատութեամբ կը գոյատեւէ»:
.«ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «կիրակի երեկոյեան աւարտող զինադադարի երկարաձգման թեքնիք կամ քաղաքական խոչընդոտներ չկան: Երկարաձգումը աւելի քան յաւելեալ տասը օր պիտի ըլլայ, եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսան Ուաշինկթընէն վերադառնալէն ետք այդ մասին խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին փոխանցեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պըրրի ամերիկեան կողմին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները պիտի չխոչընդոտէ, սակայն ատոր համար իբրեւ գին ճշդեց երեք պայմաններ, առաջինը` իսրայէլեան հեռացումը, երկրորդը` գերիներու տունդարձը, իսկ երրորդը` հարաւի վերաշինութեան միջազգային եւ արաբական աջակցութիւնը»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն Լիբանանի եւ Իսրայէլի պիտի առաջարկէ զինադադարը 20 օրով երկարաձգել` հիմնուելով որոշակի ճամբու քարտէսի մը վրայ, որ կը նախատեսէ, որ Պէյրութ զէնքի մենաշնորհման իր որոշումներու գործադրութեան վերաբերեալ լուրջ քայլեր որդեգրէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը հինգշաբթի օրուան բանակցութիւններուն ընթացքին Լիբանանէն պիտի պահանջէ ջնջել Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւնը քրէականացնող օրէնքը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Պըրրիի եւ Հըզապլլայի միջեւ գոյութիւն ունի ամբողջական համաձայնութիւն ուղղակի բանակցութիւնները մերժելու շուրջ, սակայն տարբերութիւնը այն է, որ Հըզպալլայի ղեկավարները անոր դէմ բացայայտ քաղաքական պայքար կը մղեն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթեթին. «Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի թղթածրարը տակաւին ուժեղ կերպով ներկայ է ամերիկեան-իրանեան հաղորդակցութիւններուն մէջ, եւ Լիբանանի թղթածրարը Իսլամապատի բանակցութիւններէն անջատելը վճռուած հարց չի թուիր»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Վերջին 24 ժամուան ընթացքին քննարկումը սաստկացաւ, երբ Իսրայէլի աջակցող հոսանքը յաջողեցաւ Ամերիկան համոզել, թէ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ իր առաքելութիւնը տակաւին չէ ամբողջացուցած, ինչ որ Թրամփը մղած է հաւանութիւն տալու թղթածրարը անջատելու, սակայն ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ շտապելու պայմանով»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Մտավախութիւնը այն է, որ Հըզպալլան վերաշխուժացնէ հարաւային Լիբանանի ճակատը` թիկունք կանգնելու համար Իրանին, ինչպէս տեղի ունեցաւ 2 մարտին, նկատի ունենալով Հըզպալլայի տեւական հաստատումը, թէ անմիջականօրէն կապուած է Իրանին եւ կը մերժէ «լիբանանեան խաղաքարտը» կորսնցնել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգները իրենց գործելաոճը ունին իրենց ուզածը իրագործելու եւ աշխատանք կը տանին ծրագիրի մը վրայ, որ զիրենք կարող կը դարձնէ Լիբանանի խաղաքարտը խլելու Իրանէն, եւ ատոր համար պիտի աշխատին կա՛մ ստիպելով, կա՛մ ալ անոր համար գիներ պիտի վճարեն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կարելի չէ զինադադարի ճակատագիրը անջատել Իսլամապատի մէջ բանակցութիւններէն, եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու մեկնարկը կրնայ նախապատրաստական երրորդ ժողովի մը կարիք ունենալ»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Գոյութիւն ունին զրոյցներ, թէ Թամ Պարրաք կրնայ կանոնաւոր կերպով Լիբանան վերադառնալ զբաղելու համար բանակցային թղթածրարով, որուն գաղափարը նախապէս ինք արծարծած էր, սակայն որոշուեցաւ թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի ձեռքը պահել»:


