Վստահաբար բոլորիս համար բացայայտ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` թմրեցուցիչի ու հիւլէական կարողականութեան դէմ պատերազմները պարզապէս միջոց են ու պատճառաբանութիւն, որպէսզի ան կարենայ տնտեսական, մանաւանդ քարիւղի իր հսկողութիւնը եւ շահերը ապահովել:
Ոչ ոք համոզուած է, որ Վենեզուելլայի նախագահին ձերբակալութեամբ թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւնը վերջ գտած է, ոչ ալ Իրանի դէմ այս լայնածաւալ արշաւը պիտի դադրեցնէ Իրանի հիւլէական արտադրութիւնը:
Երկու երկիրներն ալ «զուգադիպաբար» աշխարհի նաւթի արտադրութեան մէջ որոշիչ դեր ունին: Երկու երկիրներուն այդ գործառնութիւններուն զգալի ազդեցութենէն շահ եւ ակնկալութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Փաստօրէն, պատերազմը իր անձնական շահերուն համար է: Իսրայէլը, արաբական երկիրները, Եւրոպայի քանի մը երկիրներ, Թուրքիան եւ նոյնիսկ Ռուսիան խաղին մասնակից են` ամէն մէկը տարբեր դրուածքով եւ ակնկալութեամբ:
Այսօր Արաբական Ծոցի երկիրները բաւական լուրջ կացութեան դէմ յանդիման կը գտնուին:
Թուրքիան բարեխօսող միջնորդի դերով հանդէս գալու ճիգին մէջ է, անշուշտ անոր կը միանան Փաքիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը: Սակայն հիմնական լուծումը, օրակարգը եւ առաջնահերթութիւնը Միացեալ Նահանգներու կողմէ նաւթային շուկային գերիշխելու ձգտումն է, որ մեծապէս շահ ապահովելու կողքին Չինաստանը ենթակայ դարձնելու հեռանկար կը հետապնդէ:
Եզրակացութիւնը այն է, որ պատերազմը տնտեսական է բառին ամբողջական իմաստով: Ո՛չ թմրանիւթերու, ոչ հիւլէական, ոչ ալ իշխանութիւններու հարց է:
Հարցը միայն տնտեսական միապետական համակարգի մը վերածելու ճիգ է: Անձնապէս կը կասկածիմ, թէ յաղթող-պարտուող ըլլայ պատերազմի աւարտին, որովհետեւ հիմնականը Միացեալ Նահանգներու տնտեսական շահերն են: Դժուար թէ այդ մէկը յաջողի, որովհետեւ արդէն իսկ նախատեսուած ժամանակէն աւելի տեւեց պատերազմը, եւ իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր ժամ ի վնաս Միացեալ Նահանգներուն է:
Ժամանակը պիտի փաստէ այդ մէկը:



