Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրացման Ուղին, Պետութիւն` Առանց Յիշողութեան

March 31, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Այսօր կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը սկսած է ոչ միայն սխալներ գործել, այլ նաեւ` պարտադրել գաղափարական նոր ուղեգիծ մը, որ կը խորտակէ հայ ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը, ազգային արժէքները եւ արդար իրաւունքները:

Ի՞նչ կը նշանակէ քննադատել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութիւնը կամ Արեւմտեան Հայաստանէն Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ փրկուած մեր ժողովուրդի զաւակները` զանոնք «պանդուխտի հոգեբանութիւն» կրող որակելով: Այս խօսոյթը ոչ միայն անարդար է, այլ նաեւ` խորապէս վիրաւորական: Անիկա կը միտի` հայը խզել իր արմատներէն, զայն զրկել իր տունդարձի իրաւունքէն եւ մարել հայրենիք վերադառնալու դարերով ապրող արդար ձգտումը:

Աւելի՛ն. երբ կը յայտարարուի, թէ Արցախ կամ Արեւմտեան Հայաստան վերադարձի գաղափարը «հակահայկական» է եւ օտար ուժերու խաղի հետեւանք, սա արդէն քաղաքական իրապաշտութեան զգեստով պարուրուած ինքնութեան ուրացում է:

Նոյնքան մտահոգիչ է հայ ժողովուրդի հայրենասիրութեան վերաբերող հեգնանքը: Հայրենասիրութիւնը կը պիտակուի «ստալինեան»: Նսեմացնել կը փորձուի անոր արժէքը եւ օտար ներմուծում: Հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը ո՛չ մէկ ժամանակաշրջանի արտադրանք է. ան դարերու խորքէն եկող գիտակցութիւն է, գոյատեւման պայքար է, ինքնութեան պաշտպանութեան սրբազան դրսեւորում:

Այս մտայնութիւնը կը շարունակուի նաեւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու մեր պայքարին դէմ: Երբ կը խուսափին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հետապնդումէն, յաճախ ալ «արդար իրականութիւն» փնտռելով` կասկածի տակ կը դրուի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Ստեղծած են բարոյական քաոս, ուր զոհն ու յանցագործը հաւասարած են իրարու:

Անարգանք` միլիոնաւոր զոհերու եւ նահատակներու յիշատակին: Աւելի՛ն. կը վիրաւորեն արցախահայութիւնը` նահանջած է, չէ պայքարած…

Քաղաքական վտանգը կը խորանայ նաեւ ներքաղաքական դաշտին մէջ: Սպառնալիքներ կը հնչեն խորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ: Նոր սահմանադրութիւնը մերժելու պարագային, կը սպառնան կրկին քուէարկել… Ժողովրդավարութիւնը դարձած է ձեւականութիւն: Այս մտածողութիւնը կը բացայայտէ իշխանութեան կառչելու վտանգաւոր ձգտում մը, նոյնիսկ` հանրային կամքին դէմ:

Անհասկնալի եւ մտահոգիչ է նաեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին տրուած գնահատականը` ականուած պատերազմի փաստաթուղթ: Մեկնաբանութիւնը կը նսեմացնէ անկախութեան գաղափարը, զայն կը ներկայացնէ բեռ, ոչ` ձեռքբերում:

Տակաւին, 26 մարտին վարչապետը ինքնախոստովանանքով յայտարարեց, թէ կարելի էր կանխել 44-օրեայ պատերազմը, բայց ընտրուած է «գիտակցուած զոհողութեան» ուղին… Հազարաւոր երիտասարդներու նահատակութիւնը այսքան թեթեւամտութեամբ ներկայացնելը մարդկային բարոյականութեան լուրջ խախտում է:

Այս բոլոր խայտառակութիւնները անտեսելով, տակաւին, իբրեւ ձեռքբերում կը ներկայացուին Արցախի կորուստը եւ Հայաստանի պետականութեան թուլացումը:

Այսօրուան իշխանական խօսոյթը կը խաթարէ հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութիւնը, կը նսեմացնէ անոր դարաւոր պատմութիւնը եւ կը խարխլէ ապագան: Ամէն օր հնչող հակասական, այլանդակ եզրայանգումները կը վկայեն տագնապալի տգիտութեան եւ ապազգային ուղղութեան իրողութիւնը:

Ազգակործան ընթացքի մը ապացոյց է, երբ երկրի մը ղեկավարութիւնը կ՛ուրանայ սեփական ժողովուրդին յիշողութիւնը, կը նուաստացնէ անոր ազգային արժէքները, կը նսեմացնէ անոր դարաւոր պայքարը:

Այս ընթացքին դիմաց լռելը հաւասար է համաձայնութեան:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Մարտ 2026)

Յաջորդը

Կեանք-Պարգեւը

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր.  Զ. Երկու Ապրիլ 24
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

October 6, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Սփիւռք. Քննարկումէն Եւ Ախտաճանաչումէն` Դէպի Նոր Մեկնարկ

October 6, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Վերամո՛ւտ` Լաւատեսական Եւ Հարցադրական Եզրերով

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.