Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (4)

March 9, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Տօնական թէ անուանակոչութեան օրերուն Պուրճ Համուտը կը ստանար տարբեր երեւոյթ, եռուզեռն ու խճողումը տիրական կը դառնային, յատկապէս` Նոր տարիին եւ Սուրբ Զատիկին:

Տօներէն ամիսներ առաջ մայրերն ու մեծ մայրերը կ՛ուղղուէին կտաւեղէն վաճառող խանութներ կամ բրդավաճառներուն մօտ, որպէսզի կանգուն կամ քիլոյով կտոր ու բուրդի կծիկներ գնէին եւ սկսէին հագուստ կարելու կամ բրդեայ գազակներ հիւսելու: Մինչեւ օրս կը յիշեմ Արաքս փողոցին վրայ գտնուող բրդավաճառին մականունը` Կանիմեան:

Պէտք էր տեսնել փոքրերուն ուրախութիւնը իրենց նոր զգեստներով, որոնք իրենց մայրերուն կամ մեծ մայրերուն ձեռքի գործերն էին, անոնք կը հպարտանային այդ հագուստներով, նոյնիսկ եթէ որոշ թերութիւններ ունենային անոնք: Անոնցմէ ոմանք բախտը կ՛ունենային նոր կօշիկներով եւս օժտուելու, իսկ այդ առիթէն զրկուածները իրենց հին կօշիկները կը ներկէին ու կը փայլեցնէին, որպէսզի տօնին պատշաճ ըլլար, թէկուզ անոնց տակը երբեմն ծակ ըլլար: Այս բոլոր նախապատրաստութիւնները պէտք էր իրենց աւարտին հասնէին տօնէն գոնէ շաբաթ մը առաջ, որպէսզի սկսէին ուտելիքներու պատրաստութեան:

Նոր տարուան թէ սուրբծննդեան սեղանի պատրաստութիւնը կը կատարուէր հարազատներու օգնութեամբ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ իրարու քով կու գային քեռկին, հարսքոյրիկ, մայր, մեծ մայր, որոնք զուարթութեամբ, երգերու ունկնդրութեամբ, երբեմն ալ իրենք երգելով` կը պատրաստուէին աւանդական տարբեր ուտելիքներ:

Իսկ Ս. Զատկուան թխուածքներու պատրաստութիւնն ու հաւկիթի գունաւորումը կը կատարուէր դրացիներով: Բոլորին տան դռները կ՛ըլլային բաց, եւ շէնքը կը դառնար մէկ տուն: Նկատի ունենալով, որ հազուագիւտ էին տան մէջ փուռ ունեցողները, թաղերուն փռապանները կը տրամադրէին իրենց սեւ մեծ ափսէները, որոնց մէջ կը տեղադրուէին թխուածքներու  խմորները, չորեկները, անոնք կը տարուէին փուռ եւ կը դառնային Զատկուան թխուածքներ: Հետաքրքրական էր այն, որ փուռի դրան սեմին կիները իրարու հետ կը զրուցէին, իսկ այդ օրերուն զրոյցին հիմնական նիւթը Զատկուան խմորեղէններն էին, քննադատութեան կ՛ենթարկուէին դրացի շէնքի բնակիչները, որոնց թխուածքները «չէր փայլեր», «մեծ էր ու ոչ համաչափ», «շատ պզտիկ եղած է» եւ այլն, բայց երբ իրարու հրամցնէին եւ մէկը միւսին պատրաստածը համտեսելէ ետք արժեւորէր, բոլորն ալ կ՛ըլլային «շատ համեղ ու չափաւոր»:

Մեր տան թաղին անկիւնը կար արաբ փռապան մը` Ապու Անթուն, ան գէր ու ջղային մարդ մըն էր, որ ճշդուած ժամադրութիւնները խանգարելու որեւէ արարք չէր ընդուներ, շատ բծախնդրօրէն կը յարգէր ժամադրութիւնները, իսկ ուշացողը ինքնաբերաբար կը նետուէր շարքին ամէնէն վերջը:

Սպասուած օրը երբ հասնէր, կը սկսէր հաւկթամարտը: Իւրաքանչիւր պատանի իր գրպանը կ՛ունենար քանի մը գունաւոր հաւկիթ, եւ բոլորը կը մրցէին իրարու դէմ, իսկ յաղթողին հասցէին միշտ կասկածներ կը ծագէին` իբր թէ ան մոմ լեցուցած է հաւկիթին մէջ, երբեմն ալ պատանիներուն միջեւ այս նիւթով վէճ ծայր կ՛առնէր, բայց խաղաղ աւարտ կ՛ունենային այս բոլորը:

Երնէ՛կ այդ օրերուն:

Դժուարութեամբ, երբեմն զրկանքներով լեցուն այդ օրերը տարբեր էին: Այդ ատեն Զատկուան թխուածքը ունէր իւրայատուկ հոտ, Նոր տարուան սեղանները ունէին տարբեր հարազատութիւն, ուտելիքները` տարբեր համ, այսօրուան երգերը այն օրերուն տարբեր զգացում կը յառաջացնէին: Հեռուէն կու գան համն ու հոտը, հեռուէն կը լսուի երգերուն ձայնը, որոնք բոլորն ալ անցեալին կը պատկանին, այսօր այլեւս նոյն զգացումով եւ ապրումներով չենք ընկալեր զանոնք:

 

 

Նախորդը

Փաշինեանի Աշխատակազմի Ղեկավարը Կ՛արձագանգէ Լոս Անճելըս Կատարած Իր Անօգուտ Այցելութեան Վերաբերող Քննադատութեանս

Յաջորդը

Մեր Խարիսխը Արդէն Ձեր Ծովուն Յատակին Է. Ֆրանսայի Հակահետախուզական Գործակալութիւնը Խիստ Զեկոյց Մը Հրապարակած Է Երկրին Մէջ «Իսլամ Եղբայրներ»-ու Գործունէութեան Մասին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.