Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութի՛ւն, Ինչպէ՞ս Բնութագրել Քեզ Մէկ Բառով

March 6, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Լրատուութեան մը ընթացքին անցորդներուն ուղղուած հարցումը յամեցաւ մտքիս մէջ: Մէ՞կ բառով: Եւ բառերը սկսան կուտակուիլ, հրմշտկել զիրար: Զգացի, թէ որքա՛ն դժուար հարցում էր, որ կը տրուէր:

Եւ ահա առաջին բառը, որ կը ծեծէ ուղեղիս բջիջները, կի՛րքն է: Մանկութենէս ապրած ըլլալով Դաշնակցութեան շունչին տակ, վկան ըլլալով ամէնէն առաջ ծնողքիս ապրումներուն ու գործունէութեան, ապա արդէն աւելի քան 62 տարի ինքս գտնուելով անոր շարքերուն մէջ` կ՛անդրադառնամ, որ, այո՛, ան կիրք մըն է, չմարող կիրք մը, որ իմաստ կու տայ կեանքիս, նպատա՛կ, առանց որուն` չեմ գիտեր ինչպէ՛ս ապրած պիտի ըլլայի: Զիս զգաստ կը պահէ միշտ, թոյլ չի տար, որ ծուլանամ, յոգնիմ…

Եւ անմիջապէս ուրիշ բառ մը կը ցցուի առջեւս` ապրելակե՛րպ: Արդարեւ, մենք մեր կեանքը տարբեր ձեւով ապրեր ենք ու կը շարունակենք ապրիլ: Երբ կը բաղդատեմ մեր կեանքը ոչ միայն անկուսակցականներու, այլեւ մանաւանդ մեզ շրջապատող ոչ հայ մեր գործակիցներուն կամ դրացիներուն կեցութեան, հետապնդած վայելքներուն եւ անոնց մտմտուքներուն հետ, չեմ կրնար չտեսնել տարբերութիւնը: Մարդկօրէն մտածելով` գուցէ անոնցն է ճիշդը, սակայն մերը նոյնը չի՛ կրնար ըլլալ, երբ Դաշնակցութեան կը պատկանինք:

Եւ բնականաբար երրորդ բառը ըմբռնո՛ւմն է: Եւ ի հարկէ Դաշնակցութիւնը ըմբռնում մըն է, հաւատամք մը, միտք մը, ոչ միայն սեփական կեանքի, այլեւ` յատկապէս հաւաքական կեանքի: Այդ կեանքի պատկերացում մը` հիմնուած համամարդկային, մարդկայի՛ն սկզբունքներու վրայ, որոնք պատմութեան սկիզբէն ի վեր կ՛երեւի, թէ այս մոլորակի բնակչութիւնը բաժնած են` տէրերու եւ ստրուկներու, շահագործողներու եւ շահագործուողներու, ենթարկուողներու եւ չենթարկուողներու: Ուրկէ եւ յեղափոխականութիւնը, որ կրնանք համարել բնութագրման ուրիշ բառ մը, որ կուսակցութեան եռամաս անուան երկրորդ մասին հիմքն է: Առանց յեղափոխականութեան` չկայ Դաշնակցութիւն:

Քանի որ անուան մասին է խօսքը, նշեմ նաեւ հայկականութիւնը կամ հայութիւնը, որ այս կուսակցութեան էութիւնն իսկ է, ծնունդին պատճառը, գործունէութեան առանցքը: Հայութեա՛ն իրավիճակի բարեփոխութեան համար գոյութիւն առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ կ՛ապրի ահա 135 տարիէ ի վեր ու աւելի` միշտ նոյն նպատակով, որքան ալ փոխուեցաւ մեր ազգի կեանքը Աղէտին, հայրենակերտման, խորհրդայնացման ու վերանկախացման ի հետեւանք, եւ որքան ալ իր զինանշանի երեք խորհրդանիշները` թուրը, բահն ու փետուրը, տարբեր կարեւորութիւն ստացան տարբեր ժամանակներու:

Վերեւի նշուած բառերը զիս կ՛առաջնորդեն մէկ այլ բառի` ժառանգորդութեան, որ Դաշնակցութիւնը կը դարձնէ շարունակողը մեր պատմութեան սխրանքները իրագործած Մաշտոցներուն, Մամիկոնեաններուն, Դաւիթ Բեկերուն եւ միւս յանդուգններուն, որոնք նուիրուեցան ազգի ինքնութեան պաշտպանութեան ու պահպանման: Անոնց ոգին էր, նուիրումն ու անձնուիրումը (ահա ուրիշ բառեր), որոնք վերապրեցան Դաշնակցութեան ընդմէջէն` փոխանցուելու համար իրերայաջորդ սերունդներու:

Այդ փոխանցումը, սակայն. կարելի եղաւ շնորհիւ երկարակեցութեան (135 տարին կարճ ժամանակ չէ կուսակցութեան մը կեանքին համար), որ հիմնուած էր, է՛, մէկ կողմէ կազմակերպուածութեան, միւս կողմէ` անվհատութեան վրայ: Այս երկու բառերն ալ կրնան լիուլի բնութագրել Դաշնակցութիւնը: Կազմակերպուածութեան բացակայութիւնն էր, որ օրին մղեց մեր հիմնադիրները ստանձնելու յեղափոխականները ի մի բերելու ծանր ու դժուարին առաքելութիւնը: Իսկ անվհատութիւնը ապահովեց շարունակականութիւնը` հակառակ մեզ ջլատելու, պառակտելու, յուսահատեցնելու բոլոր փորձերուն, որոնք պարբերաբար սպառնացին ոչ միայն մեր, այլեւ մեր ժողովուրդի ալ գոյատեւման: Բայց յոյսը ապրեցաւ, ապրեցուց մեզ:

Չեմ ուզեր երբեք ձգել այն տպաւորութիւնը, որ սխալներ չգործուեցան, շեղումներ չեղան, վրիպումներ չպատահեցան, սակայն վերապրումը գերակշռեց, եւ Դաշնակցութիւնը գործեց ու մեզ ալ գործի լծեց տեւաբար:

Չեմ ալ ուզեր ուրիշ թիւր տպաւորութիւն մը ստացուի, թէ այն բոլոր բառերը, որոնցմով կրնայ բնութագրուիլ մեր կուսակցութիւնը, միայն ի՛ր մենաշնորհն են, ու հայ կեանքը զուրկ եղաւ այլ կուսակցութիւններէ (ի՜նչ աղէտ պիտի ըլլար, եթէ չըլլային ուրիշներ ալ), սակայն կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ բոլոր այդ բառերը, որոնք այստեղ յիշուեցան, որոնցմով յատկանշուեցաւ կուսակցութիւնը, կը տանին այն միակ բառին, որ ամբողջովին կը բնութագրէ զինք. այդ բառն է` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻ՛ՒՆ:

«Դրօշակ», թիւ 1- 2026 թ.

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

Յաջորդը

Վերջին Ձայնասկաւառակը «Ամազոն»-ի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.