Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Եուվենթուս Դուրս Մնաց, Այսօր 1/8-րդ Հանգրուանի Վիճակաձգութիւնը

February 27, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ կամ փլէյ-օֆի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Իտալիոյ մէջ երկու հետաքրքրական մրցումներ կային: Առաջին մրցումին, Աթալանթա Իտալիոյ հիւսիսի շրջանին մէջ դժուար մրցում մը ունէր Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտ խումբին դէմ, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր:

Պերկամոյի մէջ, իտալական ակումբը 3 յաջորդական կոլեր նշանակեց մինչեւ 57-րդ վայրկեան: 75-րդ վայրկեանին Քարիմ Ատեյեմի կոլով մը պատասխանեց, եւ կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի երկարաձգուի:

Սակայն 97-րդ վայրկեանին երկար օվըրէ մը ետք ալճերիացի յետսապահ Ռամի Պենսեպայնի ոտքը դէպի ետ տանելով փորձեց հեռացնել գնդակը, սակայն ոտքը դպաւ Նիքոլա Քրաթովիչի գլխուն, որ նոյն պահուն կը փորձէր գլխու հարուած տալ գնդակին: Աղէտային պահ մըն էր Տորթմունտի համար… Փենալթիի սուլիչ, դաշտէն վտարում եւ յաջորդ հանգրուան հասնելու երազները գրեթէ աւարտած:

Սերպ միջնապահ Լազար Սամարծիչ նշանակեց փենալթին` Աթալանթան առաջնորդելով յաջորդ հանգրուան:

Աւելի ուշ եւ աւելի արեւմուտք գտնուող Թորինօ քաղաքին մէջ, Եուվենթուս կը հիւրընկալէր Կալաթասարայը:

Երթին 5-2 արդիւնքով պարտուած Պոլսոյ մէջ, Եուվէ դժուար մրցում ունէր կատարելիք:

37-րդ վայրկեանին Մանուէլ Լուքաթելլի փենալթիով նշանակեց Եուվէի առաջին կոլը: 48-րդ վայրկեանին անգլիացի Լոյտ Քելլի կարմիր քարտ ստանալով Եուվէի գործը աւելի դժուարացուց, բայց Կաթթի եւ Մաքինի կրցան 2 կոլեր եւս նշանակել մրցումներու արդիւնքը հաւասարեցնելով:

Դիմուեցաւ երկարաձգման, բայց վստահաբար դժուար էր 11 մարզիկներու դէմ մրցիլը, եւ թրքական ակումբը 2 կոլեր նշանակելով հասաւ յաջորդ հանգրուան:

Սպանիոյ մէջ, «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան լաւագոյն ակումբը` Ռէալ Մատրիտ, բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Փորթուգալի Պենֆիքային դէմ, 2-1 արդիւնքով: 14-րդ վայրկեանին Ռաֆա Սիլվա նշանակեց Պենֆիքայի եւ մրցումի առաջին կոլը: 2 վայրկեան ետք Օրելիեն Չուամենի նշանակեց հաւասարութեան կոլը եւ Վինիսիուս Ժոնիոր միայն 80-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի յաղթանակի կոլը:

Օրուան վերջին զուտ ֆրանսական ճակատումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ երթին 3-2 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած էր Մոնաքոյի դաշտին վրայ, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց խումբի մը դէմ, որ մօտ 37 վայրկեաններ 10 մարզիկներով խաղցաւ եւ հաւասարեցաւ 91-րդ վայրկեանին:

Մրցումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով, եւ այսօր կէսօրին կը յստականայ, թէ անցեալ տարուան տիտղոսակիրը որո՛ւ դէմ պիտի մրցի, Չելսի՞, թէ՞ Պարսելոնա:

Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Մանչեսթըր Սիթի – Սփորթինկ Լիզպոն զոյգէն մէկուն դէմ, Աթալանթա` Պայերն Միւնիխ – Արսենալ զոյգէն մէկուն, իսկ Կալաթասարայ` Թոթենհամ – Լիվըրփուլ զոյգէն մէկուն:

Նիւքեսըլ պիտի մրցի Չելսի – Պարսելոնա զոյգէն մէկուն դէմ, Աթլեթիքօ Մատրիտ` Թոթենհամ – Լիվըրփուլ զոյգէն մէկուն, Պոտօ Կլեմթ` Մանչեսթըր Սիթի – Սփորթինկ Լիզպոն, իսկ Պայեր Լեւերքուզըն` Պայերն Միւնիխ – Արսենալ զոյգէն մէկուն դէմ:

Նախորդը

Ռոնալտօ 965-րդ Կոլը Նշանակեց

Յաջորդը

Բռնցքամարտ Անուշ Գրիգորեան` Յաղթական

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.