Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, փորթուգալցի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ իր ակումբը` Նասր, յաղթանակ տօնեցին Նըժմէի դաշտին վրայ` 5-0 արդիւնքով:
Ռոնալտօ փենալթիով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Պայերն Միւնիխի նախկին ֆրանսացի մարզիկ Քինկսլի Քոման նշանակեց Նասրի 2-րդ կոլը: Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ինյիքօ Մարթինես 2 կոլ նշանակեց, մինչ Լիվըրփուլի եւ Պայերն Միւնիխի նախկին մարզիկ Սատիօ Մանէ նշանակեց միւս կոլը:
Այս մրցումէն ետք Նասր տօնեց իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ 58 կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով իր «ոխերիմ թշնամի» Հիլալը:
Հիլալ յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով հաւասարութիւն արձանագրելով այժմ 3 կէտերով ետ կը մնայ 3-րդ դիրքին վրայ:
Հիլալ, որ քանի մը օր առաջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Իթթիհատի հետ, 5-րդ դիրքը գրաւող Թաաուոնի հետ հաւասարութիւն մը եւս արձանագրեց 2 մրցումի ընթացքին 2 դիրք կորսնցնելով:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ահլի, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Տամաքի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ ասիկա Ռոնալտոյի 965-րդ կոլն էր իր ասպարէզին մէջ, եւ այս ընթացքով մինչեւ 2026-ի աւարտը հաւանաբար թիւը հասնի 1000-րդ կոլին:


