Այս շաբաթ Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ սկսաւ միջազգային բռնցքամարտի հնագոյն մրցաշարքերէն մէկը` Սթրանճայի բաժակի մրցաշարքը:
Առաջին օրուան մրցումներուն ելոյթ ունեցան 5 հայ բռնցքամարտիկներ, որոնցմէ 4-ը յաղթեցին եւ կը շարունակեն իրենց պայքարը այս հեղինակաւոր մրցաշարքի մետալներուն համար:
Միակ անարդար պարտութիւնը կրեց 90 քկ կշիռի բռնցքամարտիկ Նարեկ Մանասեան, որ յստակ առաւելութիւն ունէր մրցակից Ռոսելին Պաչեւսքիի վրայ: 5 իրաւարարներ տարբեր կարծիքներ ունէին: Երեք ռաունտերէ ետք, պրազիլցի եւ ղազախ իրաւարարները 30-26 արդիւնքով յաղթանակ շնորհեցին Մանասեանի, մինչ ուքրանացի, սերպ եւ կալեսցի իրաւարարները 29-28 արդիւնքով առաւելութիւն տուին պուլկար բռնցքամարտիկին: Պաչեւսքի յաճախ կը խուսափէր հարուածներու փոխանակումէ, որուն պատճառով ալ իրաւարարը մէկ կէտ խլեց անկէ: 29-28 արդիւնքով յառաջացած պուլկարացի մարտիկէն չխլուեցաւ այդ կէտը, որ 28-28-ի պարագային հայ մարզիկը պիտի հասնէր յաջորդ հանգրուան:
50 քկ կշիռի մրցումներուն, Ռուտոլֆ Գարբոյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց Ռասուլ Արսլանովին (Թիւրքմենիստան) եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Պիլալխապաշի Նազարովը (Ազրպէյճան):
70 քկ կշիռի մրցումներուն, Յարութիւն Յակոբկոխեան իրաւարարներու որոշումով յաղթեց չեխ Քելվին Սոքիասսին եւ հասաւ 1/8-րդ աւարտական, ուր պիտի մրցի ամերիկացի Լաւանթ Պրաունլիի դէմ:
75 քկ կշիռի մրցումներուն, Մարատ Միքայէլեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց պուլկարացի Սթելիան Սթրախիլովին եւ հասաւ 1/4-րդ աւարտական, Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Կապրիելէ Կուիտին (Իտալիա):
60 քկ կշիռի մրցումներուն, Արթուր Բազէեան իրաւարարներու (4-1) արդիւնքով պարտութեան մատնեց իրլանտացի Ատամ Հեսիոնը եւ հասաւ 1/8-րդ հանգրուան: Բազէեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Սալիմ-Էլիս Պէյը, որ նախորդ փուլին յաղթած էր Ռուսլան Քուզուեպայեւին (Ղազախստան):
Վրաստանը ներկայացնող հայ մարզիկ Գոռ Այվազեան (55 քկ) յաղթեց թուրք ներկայացուցիչին եւ հասաւ 1/8-րդ հանգրուան:


