Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի մարզչական շտապը հրապարակեց ընդլայնուած կազմը, որ պիտի մասնակցի «Եւրօ 2029» պասքեթպոլի զտումի մրցումին` Պուլկարիոյ դէմ (2 մարտին):
Ազգային խումբը սերպ մասնագէտ Պոկտան Քարաչիչի գլխաւորութեամբ սկսած է պատրաստուիլ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մրցումին:
Ստորեւ` ընտրուած մարզիկները.
Ալպերթ Թադեւոսեան – Էրեբունի
Եուրա Մելիքեան – Սթարուինկզ Պազեւ (Զուիցերիա)
Վալերի Աղաչանեան – Կաք Կտինիա (Լեհաստան)
Դանիիլ Կիրակոսեան – Ուրարտու
Արկադի Մկրտչեան – Ուրարտու
Դանիիլ Գէորգեան – Ուրարտու
Տիգրան Մկրտումեան – ԲԿՄԱ
Կարէն Մելիքեան – Ուրարտու
Դաւիթ Խաչատրեան – Հատիս
Կզաւիէ Քիլիսլեան – Հոտան Փրեփ (Քանատա)
Տարիուս Մաքկի – Պուրժ (Ֆրանսա)
Դանիէլ Սանամեան – Խիմքի (Ռուսիա)
Մարատ Միքայէլեան – ԲԿՄԱ
Արայիկ Գէորգեան – Ուրարտու
Արթուր Աւագեան – Օլիմպաւան
Ներսէս Աւագեան – Հատիս
Խումբին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած մարզիկն է Տարիուս Մաքկի, որ Ֆրանսայի բարձրագոյն դասակարգի Պուրժ խումբի աստղերէն մէկն է:
Պիտի բացակային Անտրէ Սփայթ – Մկրտչեան եւ Արտեոմ Տաւակալեան, որոնք վիրաւոր են:


