Ա
նգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Լիվըրփուլ քաղաքը կը գտնուէր կարեւոր մրցում կատարելու համար Էվըրթընի դէմ:
Մրցումը միայն 1 կոլի ականատես եղաւ, երբ գեղեցիկ հակայարձակումէ մը ետք, սլովենիացի Պենիամին Շեշքօ 71-րդ վայրկեանին նշանակեց շատ կարեւոր կոլ մը, որուն շնորհիւ Եունայթըտ հաստատուեցաւ 4-րդ դիրքին վրայ:
Շեշքօ, որ 2026-ին միայն 3 մրցումներ հիմնական կազմէն խաղցած է, իր 8 մասնակցած մրցումներուն 6-րդ կոլը նշանակեց, Էվըրթըն 37 կէտերով մնաց 9-րդ դիրքին վրայ:
Այս հանգրուանին, հիւսիսային Լոնտոնի տերպիին Արսենալ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Թոթենհամը, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Նիւքեսըլին, մինչ Լիծ Եունայթըտ կէտ մը խլած էր Ասթոն Վիլայի (3-րդ) դաշտին վրայ (1-1):
Լիվըրփուլ 97-րդ վայրկեանին կոլ նշանակելով 3 կէտերով վերադարձած էր Նոթինկհամի «անտառ»-էն, մինչ Չելսի իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտած էր Պըրնլիի դէմ իր ելոյթը:


