Երեւանի մէջ վերջ գտաւ պասքեթպոլի Եւրասիական մրցաշարքը, ուր Լիբանանի Հուփս ակումբը դարձաւ տիտղոսակիր` աւարտականին յաղթելէ ետք Օրպի (Վրաստան) խումբին, 82-91 արդիւնքով:
Լիբանանէն Հուփս, Վրաստանէն Օրպի, Միացեալ Նահանգներէն Փայլոթ եւ Ղազախստանէն Պարսի ակումբները միացան Հայաստանի Ուրարտուին, Էրեբունիին եւ Հատիսին:
Հետաքրքրականը այն էր, որ 3-րդ դիրքի մրցումին ալ Ուրարտու 91-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էրեբունին:
Կիսաւարտականին Հուփս, որ իր բոլոր խաղերն ալ յաղթած էր, պարտութեան մատնած էր Ուրարտուն 95-60 արդիւնքով:


