Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան «Եու.Է.Էֆ.Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները:
Անցեալ տարուան աւարտական հասած Ինթեր Միլան Սան Սիրոյի մէջ ճակատագրական մրցում ունի կատարելիք Նորվեկիոյ ախոյեան Պոտօ Կլիմթի դէմ եւ անպայման պէտք է 3 կոլերու տարբերութեամբ յաղթէ` հասնելու համար 1/8-րդ հանգրուան:
Երթին Նորվեկիոյ մէջ Պոտօ Կլիմթ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Ինթերին, որուն խմբապետ Լաութարօ Մարթինես եւ միջնապահ Հաքան Չալհանօղլու վիրաւոր են, եւ Հենրիխ Մխիթարեանի եւ անոր ընկերներուն կը մնայ տալ իրենց առաւելագոյնը` հասնելու 1/8-րդ հանգրուան:
Գերմանիոյ մէջ, Պայեր Լեւերքուզըն աւելի հանգիստ ելոյթ ունի կատարելիք Յունաստանի Օլիմփիաքոսին դէմ, մանաւանդ որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթելով Յունաստանի մէջ, իր համակիրներուն առջեւ դժուար թէ 2 կոլի տարբերութեամբ պարտուի:
Հետաքրքրական կրնայ ըլլալ Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ֆ. Ք. Պրիւժ մրցումը, ուր սպանական ակումբը երթին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Պելճիքայի մէջ:
Օրուան 4-րդ ճակատումին, Նիւքեսըլ արդէն իսկ քայլ մը առած է 1/8-րդ հանգրուանին մէջ` 6-1 արդիւնքով ջախջախիչ արդիւնքէն ետք Ազրպէյճանի մէջ Քարապաղ ակումբին դէմ մրցումին:


