Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի անդամ Երուանդ Մկրտչեան Պալքանեան ձմեռնային խաղերու ոսկի մետալ շահեցաւ:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային խաղերուն, Մկրտչեան 1500 մեթր վազքի մրցումներուն 3:42.29 վայրկեան ժամանակ ձեռք ձգեց` խլելով ոսկի մետալ:
Երեք քայլ ոստումի ոսկի մետալակիր դարձաւ Գոռ Յովակիմեան: Յովակիմեան 16,66 մեթր արձանագրեց եւ նուաճեց ոսկի մետալ:


