Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հեռակայ Պատարագ (Ի Յարգանս Լուսաշող Մեծութիւններու)

May 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ինչո՛ւ արտասովոր երեւոյթ նկատել ամէն արարք եւ մտայղացում, որուն առանցքը գաղափարական աշխարհի վերանորոգումն է ըստ ամենայնի:

Արդեօք պարտաւորութեան զգացումն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը այլեւս սոսկ բառակապակցութիւննե՞ր պէտք է համարել, մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամբողջ մարդկութիւնը կամայ-ակամայ կ՛ուղղորդուի արդի համակարգերու ու մտածելակերպերու կշռոյթով` յանուն համաշխարհայնացման գործընթացներու տարածումին եւ նիւթի խօլական պաշտամունքին:

Այս դիտանկիւնէ մեկնած, ի՞նչ բանի կը ծառայեն ժողովուրդներու հաւաքական յիշողութեան եւ մշակոյթներու յարաբերութիւններն ու փոխըմբռնումները, եթէ ոչ ազգային կոչումի ամրագրումին, ցեղային առանձնայատկութեան շեշտադրումին եւ ինքնութեան պահպանումին:

Մեր կարգին պէ՞տք է բաւարարուինք գաղափարախօսական պայքարի թէ ազգային առաքելութեան հանապազօրեայ մեր մաքառումներով, սահմանափակուիլ լոկ ընթացիկ մօտեցումներու հրճուանքին ենթակայ դառնալով, տակաւ հայաթափումի մեր առօրեային պիշ-պիշ հայեացքներ սփռելով,  այլապէս ինքնագոհ հոգեվիճակներու ներքեւ` հանդէսներ սարքելով, ապա` ինքնարդարացման ուղիներու որոնման շուտիկութեամբ, բռնազբօսիկ եւ ապիկար վարքագծերու զոհը դառնալով:

Միւս կողմէ սակայն, բարեբախտաբար, ազգային լինելութեան մեր ճանապարհին վրայ,  տակաւին հայօրէն կը շնչեն ու արարումի բերկրանքին ականջալուր կը գործեն բազմաթիւ հայորդիներ, միութիւններ եւ կուսակցական միաւորներ, որոնք մերթ ընդ մերթ իրենց շրջապատին սեփականութիւնը կը դարձնեն ազգաշէն եւ հոգեպարար նախաձեռնութիւններ:

Փաստօրէն, լիբանանահայ դաշնակցական ընտանիքի չորս կոմիտէութիւններու գործակցութեամբ որոշում է կայացած նորոգելու դաշնակցական հսկայի մը` Հրաչ Փափազեանի շիրիմը, եւ պատշաճ հանդիսութեամբ մը յիշելու անոր վեհափառ սխրանքն ու անպարագծելի վրիժառական արարքներու անոր մասնակցութիւնը` յանուն մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Այս պատեհ առիթին նաեւ յարմար է նկատուած, վկայակոչել դաշնակցական այլ տիպարներու կեանքն ու գործունէութիւնը, յայտնապէս անոնց, որոնք ազգային ազատագրական մեր պայքարին մէջ ցոյց են տուած անմնացորդ նուիրուածութիւն, հրաշափառ քաջութիւն, անօրինակ ժողովուրդի ծառայութիւն, զազիր թուրքին դէմ կռուելու բացառիկ տոկունութիւն, հայրենիքի պաշտամունքի բարձրաթռիչ ունակութիւն, դաշնակցական հաւատամքի, գաղափարի եւ մտածողութեան նկատմամբ իւրայատուկ հաւատարմութիւն, պետական մակարդակի հասունութիւն, մշակութանուէր գործունէութեան կիրք ու խանդավառութիւն եւ ազգասէրի գիտակցական բարձունք` վասն հայրենիքի փրկութեան, պաշտպանութեան եւ գոյատեւումին:

Անոնք` Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Արշակ Յովհաննէսեան, Վարդան Շահպազ, Դրոնքցի Մուրատ, խմբապետ Մուշեղ եւ Հրաչ Փափազեան, իրենց վերջնական հանգիստին` Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, դարձեալ պիտի վկայակոչուին (կիրակի, 27 մայիսին) նուիրական իրենց արժանիքներուն ընդմէջէն, հեռակայ պատարագի մը ուժեղ ազդեցութեան եւ երկիւղած մթնոլորտի մը ներքեւ:

Ճիշդ է, որ սփիւռքահայութեան վիճակուած է անհայրենիք ապրելու ճակատագիրին դառնութիւնը, որ կ՛ուրուագծուի նաեւ այս առիթով, այլապէս մենք մեզ յիշեցնելու, թէ հերոսներու մասունքներ հարկ է որ իրենց վերջնական հանգիստը գտնեն հայրենի սուրբ հողին վրայ, սակայն, նման մտածումներու անմիջական ճնշումին կը յաջորդեն այլ հասկացողութիւններ եւս` ընդգծելու, թէ միթէ նման ազգանուէր հայորդիներու շիրիմները կտոր մը հայրենիք պէտք չէ՞ նկատել, հայրենի հողէն ու Արարատի սրբազան կախարդանքէն հեռու, վերանորոգուելու, թարմանալու, հայանալու, ազգային ու կուսակցական մտածողութեան ակունքներուն վերադառնալու, ինքնասրբագրուելու, ամրանալու, ակնածանքով մօտենալու մէն մի սրբութեան, եւ պայծառօրէն գործելու` յանուն ազգային առաջադրանքներու եւ նպատակներու կենսագործումին:

Յայտնապէս, համայնակուլ, ապազգային ու բարբարոս յորձանուտերու դէմ յանդիման, նման լուսաշող շիրիմներ հաւաքական կեանքի մէջ ամրակուռ պատուարներ չե՞ն առհասարակ, որոնցմով պէտք է սպառազինուիլ եւ հոգեպէս աշտարակուիլ` սփիւռքացած մեր դժխեմ առօրեային դէմ կանգնելու եւ նորահաս սերունդներու ուժ ու կորով, շունչ ու եռանդ, հաւատք ու կենդանութիւն ներշնչելու:

Իրօք, դաշնակցական միաւորներու նման նախանձախնդիր կեցուածքին ու համոզումին ընդառաջ միայն կրնանք պարծենա՛լ ու ընդգծել այն բիւրեղ իրողութիւնը, թէ` այնքան ատեն որ դաշնակցական գաղափարական արժէքներու տիրութիւն ընել գիտենք, եւ կը խոնարհինք մեր մեծ մեռելներուն շիրիմներուն առջեւ, նոյնքան մենք մեզ զօրաւոր կը զգանք եւ դաշնակցականօրէն ապրելու ու գործելու իրաւունքը վաստկած կ՛ըլլանք:

Արդ, յիշեցնե՞լ է պէտք ամէն առիթի, որ ազգային ու դաշնակցական մեծութիւններու շիրիմներն անգամ մեզ կրնան առաջնորդել, ոգեւորել, ներշնչել, մտքի պայծառութեամբ յագեցնել, այլապէս պարտաւորեցնելով բոլորս` հաւատարիմ մնալու անոնց վեհափառ կտակին:

 

 

Նախորդը

Յուշեր` Հարաւային Լիբանանի Ազատագրումէն

Յաջորդը

Յարգանք Անկախութիւն Կերտողներուն Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.