. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Շէյխ Քասեմի յայտարարութիւններուն նկատմամբ պաշտօնական դժգոհութեան արձագանգները հասան Այն Թինէ, եւ կը սպասուի, որ անոր հեղինակութիւնները այդ մթնոլորտը փոխանցեն Հարեթ Հրէյքին: Այն, ինչ որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց, նաեւ քաթարցի պատուիրակ Խլէյֆիի Պէյրութ այցելութեան մրոտման ծիրին մէջ է»:
. ՔԱԹԱՐԻ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Խլէյֆին «Մուտուն»-ին. «Քաթար շատ հետաքրքրուած է Լիբանանի մէջ կացութեան հետեւելով եւ լարուածութեան թուլացման նախաձեռնութիւններու համընթաց քայլերով` ընդգծելով, որ կը մերժէ սրումը եւ կը ձգտի զայն կանխարգիլել: Հանդիպումները կեդրոնացած էին տարբեր ոլորտներու մէջ աջակցութեան եւ օգնութեան վրայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Յառաջիկայ փուլին յաւելեալ հանդարտ եւ չյայտարարուած հաղորդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ հանդարտեցումը դիրքորոշումներէն նահանջ չէ, այլ ստիպողական ընտրանք մը` պաշտպանելու համար ներքին կայունութիւնը եւ ստեղծելու համար նուազագոյն համախմբում ընդդէմ նուրբ մարտահրաւէրներու»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ քուլիսներու ետին տեղի կ՛ունենայ, մտածել կու տայ, թէ տարբեր ուժերու մօտ գոյութիւն ունի տողատակի որոշում` դադրեցնելու մագլցումը եւ բանալու փակ կամ ժամանակաւորապէս սառեցուած հաղորդակցութեան ուղիները` մեկնելով հասարակաց համոզումէն, թէ ներքին կացութեան որեւէ անկայունացում ուղղակիօրէն ի շահ արտաքին ճնշումներուն պիտի ըլլայ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Բանակի աջակցութեան Փարիզի խորհրդաժողովի 5 մարտի թուականի ճշդումը «սկզբունքային» է եւ ոչ թէ վերջնական: Խորհրդաժողովի կազմակերպումը կախեալ է բանակի հրամանատարի փետրուարի սկիզբը Ուաշինկթըն այցելութեան արդիւնքներէն»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան կը պնդէ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ ՄԱԿ-ի մասնակցութեան եւ լիբանանեան դիրքորոշման աջակցող ու իսրայէլեան ճնշումներուն դիմաց անոր օգնող ֆրանսական դերակատարութեան ճամբով միջազգային ծածկոյթին վրայ»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղիին վրայ ուշագրաւ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ այս ծիրին մէջ լիբանանեան բանտերուն մէջ սուրիացի դատապարտեալներու վերաբերեալ օրինագիծը նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստի սեղանին վրայ պիտի ըլլայ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 7000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.342.000 լ.ո.-ի եւ 1.382.000 լ.ո.-ի: Մազութին գինը բարձրացաւ 9000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.271.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 8000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.229.000 լ.ո.-ի:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց. «Պէյրութի եւ Թել Աւիւի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները յանձնառու են Լիբանանն ու Իսրայէլը դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան ճամբով դէպի կայուն ու արդիւնաւէտ խաղաղութիւն մղելուն»` աւելցնելով, որ երկու դեսպանները շաբաթավերջին Յորդանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մէջ քննարկած են «աւելի խաղաղ ու բարգաւաճ շրջանի մը համար անհրաժեշտ քայլերը»:
. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ նախկին դիւանագէտ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հակառակ Լիբանանի դիւանագիտութեան ճամբով իսրայէլեան օդային հարուածները դադրեցնելու եւ Թել Աւիւը Լիբանանէն հեռանալու մղելու ջանքին, պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան տարածման համար բանակի ծրագիրի ամբողջական գործադրութենէն առաջ այդ առնչութեամբ որեւէ յառաջընթաց պիտի չարձանագրուի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Լիբանանեան արդարադատական պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի ուղղուի Սուրիոյ մայրաքաղաք` ներկայացնելու համար համաձայնութեան նախագիծի նոր տարբերակը, որ սուրիացի դատապարտեալները իրենց երկրին յանձնելը կը ներառէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յարաբերութիւնը հիանալի է: Պըրրի Պաապտա կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկեց Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ վիճայարոյց թղթածրարը` բանակի ծրագիրն ու ընտրական օրէնքը: Պըրրի Աունին բազմիցս վստահեցուցած է, որ ի վերջոյ խորհրդարանական նիստի պիտի հրաւիրէ, սակայն ան կը մերժէ շանթաժի տրամաբանութիւնը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ քաղաքական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Աշխատանք կը տարուի առաջարկներու ուսումնասիրման, որովհետեւ կայ կարելիութիւն, որ Քլէյաաթի օդակայանը հարիւր միլիոնէն մինչեւ հարիւր քսան միլիոն տոլար ծախսով այս տարուան վերջին շահագործման յանձնուի»:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Թափանցիկութեան հարցով զբաղող հաստատութեան մը զեկուցումները ուռճացուած գինով եւ միջազգային հաստատութիւններէն մէկուն հետ կասկածելի գործարքով շէնք մը վարձելուն պատճառով աւելի քան 50 միլիոն տոլարի պարտքեր մատնանշեցին»:
. «ՀԱՊԹՈՒՐ ԿՐՈՒՓ»-Ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Լիբանանեան իշխանութիւններու քայլերուն հետեւանքով աւելի քան 1,7 միլիառ տոլարի վնաս կրեցինք: Անհրաժեշտ իրաւական քայլերուն պիտի դիմենք»:
. ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հոմսի Քուսէյր շրջանի Դամասկոսի գիւղական շրջանի Նապաք շրջանի ներքին ապահովութեան տնօրէնութիւնները ձախողութեան մատնած են Պրէյժի շրջանի ճամբով դէպի Լիբանան զէնքի մաքսանենգման փորձ մը:


