Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար, հակադարձելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի երկուշաբթի օրուան ուղերձին նշեց. «Թեհրանին թիկունք»-ի ճակատի մասին զարմանալի խօսքը իրականութենէն կտրուած ըլլալու, լիբանանցիներու կեանքերը թեթեւի առնելու, յիշողութեան չգոյութեան, Իրանին ենթակայութեան, տրամաբանութեան բացակայութեան վկայութիւն է»:
«Ամէն բանէ առաջ անիկա փաստ է, թէ նախ եւ առաջ անոր համակիրները անմիջապէս պէտք է զինաթափեն Հըզպալլան», շեշտեց նախարարը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը երկուշաբթի օր յայտարարած էր. «Երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը իմամ Խամենէիին կը սպառնայ, ապա կը սպառնայ տասնեակ միլիոնաւորներու, որոնք այս ղեկավարին կը հետեւին, եւ մենք առնչակից ենք այս սպառնալիքի դիմակայման, եւ զայն մեզի ուղղուած սպառնալիք կը նկատենք, եւ իրաւասութիւնը ունինք անոր դէմ դնելու համար մեր յարմար տեսածը ընելու»:
«Մեր պարտաւորութիւնն է բոլոր քայլերով ու պատրաստութիւններով այս սպառնալիքին դէմ դնել, որովհետեւ իմամ Խամենէիին վնասելը կրօնապետի համակիրներուն ու սիրողներուն տարածուած ըլլալուն պատճառով կայունութեան եւ շրջանին ու աշխարհի վրայ կացութեան ահաբեկումն է», նշեց ան:
«Անցնող երկու ամիսներուն շարք մը կողմեր Ամերիկայի եւ Իսրայէլի` Իրանի վրայ յարձակումի պարագային մեր միջամտութեան վերաբերեալ յստակ հարցում մը հարցուցին, եւ մեր պատասխանը եղաւ` մենք հաւանական յարձակումին թիրախն ենք եւ վճռակամ ենք պաշտպանելու: Օրին պիտի ընտրենք ինչպէս վարուիլ` միջամտե՞լ, թէ՞ ոչ, սակայն չէզոք չենք», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:


