Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շիքակօ Չմեկնելու Բուն Շարժառիթը

May 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի Շիքակոյի վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին չմասնակցիլը  տեղի կու տայ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Պաշտօնական հիմնաւորումը այն է, որ ՕԹԱՆ-ի ձեւակերպումը կը հակասէ միջազգային ընտանիքին կողմէ համաձայնեցուած միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափին` ԵԱՀԿ-ի որդեգրած սկզբունքներուն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, նման ձեւակերպում ոչ միայն կը հարուածէ Արցախի բանակցային գործընթացը, այլ նաեւ կը քաջալերէ Ազրպէյճանի զինուժի պիւտճէի ուռճացումը:

Հասկնալի է, որ այստեղ պաշտօնական Երեւանը կը դիմէ դիւանագիտական մարտավարական քայլի: Այսպիսով, կ՛ընդգծուի ՕԹԱՆ-ԵԱՀԿ կառոյցներու միջեւ հակասական երեւոյթ մը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին չմասնակցիլը Շիքակոյի վեհաժողովին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ՕԹԱՆ-ԵԱՀԿ կառոյցներու միջեւ երեւցած հակասութիւնը ցոյց տալը որեւէ հետեւանք չունենար եւ չի յաջողիր վերաշարադրել այն ձեւակերպումը, որ իբրեւ փաստաթուղթ վերջնականացած է ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակիցներուն կողմէ:

Այս առիթով կը հնչեն հիմնաւորեալ քննադատութիւններ` մատրիտեան սկզբունքներուն յղում կատարելու կամ ինքնամեկուսացման քայլ առած ըլլալու առումներով: Նշենք, որ ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցարդ կը վարէր բնականոն յարաբերութիւններ, անհատական գործընկերութեան թէ ՕԹԱՆ-ի զօրավարժութիւններուն ընդգրկուելով եւ կամ ՕԹԱՆ-ի ձեռնարկած խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելով: Աւելի՛ն. ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական բանբերները քանի մը անգամ յայտարարած են, որ գոհ են Երեւանի հետ իրենց կառոյցին ծաւալած համագործակցութենէն եւ թէ համագործակցութեան յաւելեալ խորացում կախեալ է Երեւանի հայեցողութենէն: Մինչ, ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան համար անվերջ նկրտումներու մէջ եղող Վրաստանը կը շարունակէ ժխտական պատասխան ստանալ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութենէն: Վրաստանի անդամակցութեան դիմումի մերժումը ՕԹԱՆ-ի կողմէ պարզ է, որ ռուսական կողմի նկատառումով է: Նոյնքան պարզ է, որ Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու պահպանումը եւ առկայ համագործակցութեան ձեւաչափերն ու տարողութիւնները ընկալելի համարելը կամ դրական գնահատական տալը նոյն ՕԹԱՆ-ի կողմէ դարձեալ ռուսական կողմի նկատմամբ ոչ հրահրիչ քայլեր առնելու մօտեցումներէն կը բխի: Ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իբրեւ ռուսական յենակէտ կ՛ընկալուի ՕԹԱՆ-ի կողմէ:

Հիմա արեւմտեան նոյն այդ ռազմական կառոյցին կողմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան գերադասումը` ազգային ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի սկզբունքէն, անկախ անկէ, որ կ՛անտեսէ ԵԱՀԿ-ի որդեգրած արժեչափերը, խորքին մէջ կը հակասէ այս հարցին մէջ ռուսական գերակայ միջնորդութեան, որ քանի մը առիթներով խօսած է երկու սկզբունքներուն` տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաւասարազօրութեան մասին: Ազրպէյճանամէտ դիրքորոշումը այս պարագային միայն հակահայկականութեամբ չի բացատրուիր ուրեմն:

Տեսքով ղարաբաղեան հարցն է վիճարկելի թեման, որուն համար ալ Շիքակօ չէ մեկնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Բայց…

Հայկական դիւանագիտութիւնը բացակայած է այդ ձեւակերպումի մշակման գործընթացէն, ինչ որ պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին կը բեռցնէ պաշտօնական Երեւանի ուսերուն, անկախ անկէ, որ նախագահին քայլը ճիշդ էր, թէ ոչ:

Մէկ կարեւոր հանգամանք կը մշուշապատէ իրականութիւնը: ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն առաջ նախագահ Սարգսեան կը մեկնէր Մոսկուա, մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վեհաժողովին: Կը նկատուէր այնտեղ, որ Ռուսիա-Հայաստան միջնախագահական ձեւաչափով հանդիպում տեղի չէր ունենար: Մեկնաբանութիւնները կը կեդրոնանային Երեւանի արեւմտամէտ քաղաքականութիւն կիրարկելու երեւոյթին դիմաց ցոյց տրուող հակազդեցութեան վրայ:

Հիմա ալ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ ռուսական գործօնը շրջանցող ձեւակերպումի մը փաստը:

Առիթ ու քայլ պէտք էր հաւանաբար այս իրողութիւնը շրջելու: Հակակշիռ քայլ առնելու. ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ կեցուածք ցոյց տալու: Պահը լիարժէք պէտք է օգտագործուէր: Շիքակոն այդ պահն էր:

«Ա.»

Նախորդը

Հարկրէյվզ Պիտի Լքէ Մանչեսթըր Սիթին

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.