Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կիրակի օր ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորած է Ալիեւը անցեալ տարուան օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման ծիրին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներուն համար:
Նշելով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու պատմական նշանակութիւնը` Ալիեւ յատկապէս ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը այս հոլովոյթին մէջ:
Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ շրջանային խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման ուղղութեամբ ջանքերը: Ան նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդէն իսկ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատուած են` շեշտը դնելով Ազրպէյճանի տարածքով ազրպէյճանական նաւթամթերքի Հայաստան արտածման, ինչպէս նաեւ Ղազախստանէն եւ Ռուսիայէն ցորենի տարանցման վրայ:
Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ ԹՐԻՓՓ միջանցքը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ շրջանային փոխադրամիջոցային կապերու համար:
Ազրպէյճանի նախագահը նշած է, որ «Ազատութեան աջակցութեան մասին» օրէնքի «անարդար» 907-րդ յաւելումը անհամատեղելի է երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին հետ:
Ալիեւ բարձր գնահատած է Թրամփի որոշումը` կասեցնելու այս կէտը, եւ յոյս յայտնած, որ Քոնկրեսի անդամները պիտի շարունակեն զայն ամբողջովին չեղեալ նկատելու իրենց ջանքերը:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ վերջերս յայտարարած էր, որ 907-րդ յաւելուածի պահպանումը կը հարուածէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթը:


