Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրին շարք մը յարձակումներ գործեց` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի Ժապալ Ռիհանի բարձունքները:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Անսար գիւղին մերձակայքը գտնուող Ուատի Զաֆթայի, Սայտա Զահրանի գաւառի Պայսարիէ գիւղի մերձակայքին մէջ գտնուող Թըպնա շրջաններուն վրայ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը օդային յարձակումներ գործած է հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններուն մէջ «ահաբեկչական Հըզպալլային պատկանող ենթակառոյցներու դէմ: Յարձակումներու ծիրին մէջ թիրախաւորուեցաւ մարզումի համալիր մը, որ կ՛օգտագործուէր «Ռատուան» միաւորին կողմէ, իր անդամներուն մարզումին համար»:
Ան նաեւ նշեց, որ թիրախաւորուած են զինուորական շէնքեր, որոնք վերջին շրջանին կ՛օգտագործուէին Հըզպալլայի անդամներու մարտական միջոցներու պահեստաւորման համար:


