Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
Ռուսիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է. «Երէկ եւ այսօր մենք փոխանակուած ենք մեր աշխատանքի գնահատականներով: Ընդհանուր առմամբ, իմ կարծիքովս, ամէն ինչ շատ լաւ անցած է: Յոյսով եմ` մթնոլորտը լաւ էր: Սակայն ամէնէն կարեւորը` մեր խումբերը քրտնաջան աշխատած են բոլոր ուղղութիւններով, պատրաստած են լաւ փաստաթուղթեր, ամէն ինչ ստորագրուած է, ամէն ինչ յառաջ կը շարժի:
«Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, անոնք կը զարգանան: Մեր առեւտրաշրջանառութիւնը կանոնաւորուած է, երէկ մենք խօսած ենք ատոր մասին: Եթէ 2024 թուականին անիկա գերազանցած է 11 միլիառը, ապա այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն անիկա կազմած է 4,5 միլիառ: Ասիկա նոյնպէս լաւ ցուցանիշ է, եւ մեզի հիմք կու տայ կարծելու, որ մօտիկ ապագային մենք զայն կ՛աւելցնենք:
«Մենք նաեւ լաւ ծրագիրներ ունինք, արդէն քննարկած ենք ուժանիւթը, ներառեալ հիւլէական ուժանիւթը: Հիմա մանրամասնութիւններու մէջ պիտի չմտնենք, սակայն կայ քննարկելու, խօսելու կարելիութիւն: Գումակայինի ոլորտի մասին նոյնպէս:
«Մեր նախորդ հանդիպումին ժամանակ դուք բարձրացուցիք տարբեր հարցեր, որոնց վրայ կրնանք միասնաբար աշխատիլ, ներառեալ հին երթուղիներու վերականգնումը եւ նոր երթուղիներու ստեղծումը, որոնք պիտի բանան Հայաստանի սահմանները: Այսպիսով, ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ: Ի հարկէ, կան այլ հարցեր, որոնք մենք հիմա պիտի քննարկենք»:
«Թրամփի ուղի»-ի նախագիծին մէջ բազմաթիւ նրբերանգներ կան, որոնք կ՛առնչուին հայ ռուսական յարաբերութիւններուն, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը` չյստակացնելով սակայն, թէ յստակ ի՛նչ նկատի ունի:
«Մենք ներկայիս շատ կառուցողական երկկողմանի բանակցութիւններ կը վարենք Միացեալ Նահանգներու հետ ԹՐԻՓՓ երկաթուղիի իրականացման եւ կառուցման վերաբերեալ, եւ անոնք իրապէս կը ներկայացնեն նշանակալի եւ իմաստալից փոփոխութիւններ մեր շրջանին մէջ: Եւ այստեղ կան բազմաթիւ նրբերանգներ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ մեր յարաբերութիւններուն առնչուող, եւ այսօր, կը կարծեմ, շատ լաւ կարելիութիւն է քննարկելու այս բոլոր հարցերը», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:


