Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած է ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութեան քննարկում, որուն մասնակցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններ Նարեկ Մկրտչեան եւ Խազար Իպրահիմ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան առեւտուրի պալատի յայտարարութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան առեւտուրի պալատի կազմակերպած քննարկումին մասնակցած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Վրաստանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ուզպեքիստանի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ առեւտուրի ներկայացուցիչներ: Դռնփակ քննարկումի ընթացքին կողմերը քննարկած են ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութեան դերը շրջանային կապի ամրապնդման եւ Միջին միջանցքի երկայնքով Միացեալ Նահանգներու կայուն տնտեսական ներկայութեան հաստատման գործին մէջ:
«Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին աջակցութեամբ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ օգոստոսին ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը պատմական յառաջընթաց է: ԹՐԻՓՓ այս խաղաղութեան կայունութիւնը ապահովելու միջոց է` տարանցիկ երթուղին վերածելով բարգաւաճման շարժիչի», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային խաղաղապահ գործողութեան հարցերով յատուկ պատուիրակ Վինայ Չաւլան:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ամերիկեան ընկերութիւններն ու դրամագլուխը անհրաժեշտ են այդ տեսլականը իրականացնելու համար, եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՛ուզէ ապահովել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ անոնց մասնակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Նարեկ Մկրտչեան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը պիտի օգնէ ապահովելու, որ նախաձեռնութիւնը շօշափելի օգուտներ բերէ Հարաւային Կովկասին, Կեդրոնական Ասիոյ եւ այլ շրջաններուն:
«Կ՛ողջունեմ ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ համագործակցութիւնը, եւ քննարկումները այժմ կ՛ընթանան զարգացման որոշակի նախագիծերու ուղղութեամբ: Նման համագործակցութիւնը կարեւոր է իրական տնտեսական եւ ընկերային արդիւնքներու հասնելու համար», նշած է Մկրտչեան:
Ազրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմով նշած է, որ այս տարուան օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ղեկավարներու վեհաժողովը պատմական դեր խաղացած է շրջանային խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջխաղացման գործին մէջ: Ազրպէյճանի դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ԹՐԻՓՓ նախագիծի` իբրեւ Միջին միջանցքի հիմնական բաղադրիչ յաջողութեան ապահովումը կարեւոր է:


