Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 18, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի կարծիքով՝ Լիբանանի կատարած քայլերը բաւարար չեն առաջադրանքը աւարտին հասցնելու, մանաւանդ որ Հըզպալլան տակաւին բանակցութիւններուն նկատմամբ անտարբեր կը մնայ»։

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ իշխանութեան շրջանակները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Դեսպան Քարամի առաքելութիւնը սահմանափակուած է թեքնիք ու զինուորական բաժինով եւ աշխատանք տանելով լուծելու սահմանային խնդիրները, ապահովելու իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումը, թիւ 1701 որոշումի եւ զինադադարի վերջին համաձայնութեան գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանք տանելու իսրայէլեան հեռացումը ապահովելու»։

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանը հինգշաբթի օր Եգիպտոսի վարչապետի, անել կացութեան դիմակայման եգիպտական երրորդ փորձով մը, Պէյրութ այցելութեան յաջորդող երկու օրերուն վճռական առիթի առջեւ կանգնած է»։

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Ճիշդ է, որ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան թուականը չէ ճշդուած, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ ան մօտ օրէն Միացեալ Նահանգներ պիտի չայցելէ»։

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի կը գտնուի Սէուտական Արաբիա երեք օր առաջ սկսած գաղտնի այցելութեամբ՝ թրքական հովանաւորութեամբ ու միջնորդութեամբ եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի գիտութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հանդարտ ու հմուտ տնօրինումով։

Ըստ «Նիտա Ուաթան»-ի աղբիւրներուն, այցելութիւնը երաշխիքներու տրամադրման ծիրին մէջ է։ Սէուտական մօտեցումը հիմնուած է այս երաշխիքները «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ դեսպան Սիմոն Քարամի կողքին շիի եւ սիւննի ներկայացուցիչ ունենալուն դիմաց տրամադրման վրայ։

Աղբիւրները կþաւելցնեն, թէ քննարկումը այսքանով չի սահմանափակուիր, այլ կը ներառէ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները մինչեւ լիբանանեան ու շրջանային պատկերի յստակացումը յետաձգելու կարելիութեան քննարկումը։

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանանեան փաստաթուղթը հարուստ է տուեալներով ու պահանջներով՝ հաշուի առնելով այն, ինչ որ այցելութեան մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչները տեղւոյն վրայ տեսած են լիբանանեան բանակի կողմէ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքներ կազմակերպուած շրջագայութեան ընթացքին»։

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը սկսի կարգաւորումովը երկու հիմնական թղթածրարներու, առաջինը Լիբանանի մէջ բանտարկուած ու կալանաւորուած սուրիացիներու թղթածրարն է, իսկ երկրորդը կը վերաբերի սահմանագծման»։

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գիտենք, թէ նախագահ Աունի ընտրութիւնը սէուտական-ամերիկեան գործակցութեան արդիւնք էր, ինչպէս նաեւ Սալամի վարչապետ նշանակումը՝ սէուտական-ֆրանսական գործակցութեան արդիւնք. բնականաբար այս պետութիւնները իրենք զիրենք լիբանանեան կացութեան մէջ յառաջընթացին պատասխանատու կը զգան»։

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վաղը գումարուելիք Փարիզի ժողովի արդիւնքները ազդեցութիւն պիտի ունենան Նաքուրայի մէջ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին վրայ»։

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Որոշ կողմերու օրէնսդրական նիստերը օրակարգին վրայ իրենց պահանջած ընտրական բարեփոխումները չներառելու պատճառով պոյքոթի ենթարկելը այլեւս քաղաքական ակնյայտ ու բացայայտ շանթաժի վերածուած է»։

. «ՔԱՐՏ ՀԱՍԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ» միութիւնը հերքեց իր անունը փոխելու մասին լուրը՝ նշելով, որ հաստատութիւնը տակաւին իր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ կը գործէ իր սովորական անունով։

 

Նախորդը

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Ուրբաթ՝ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իժթիմահի

Յաջորդը

Ըստ Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Դէպի Լիբանան Զէնքերու Մաքսանենգման Փորձ Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.