ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, 15 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց:
Ցոյցին նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ազատազրկուած եւ հետապնդման ենթարկուող քաղաքական բանտարկեալներու, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող ռազմագերիներու հարցերուն Եւրոպական Միութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելն էր:
Երիտասարդները անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ընթերցեցին յայտարարութիւն` ուղղուած Եւրոպական Միութեան երկիրներուն:
«Առաջին անգամը չէ, որ այստեղ ենք, սա ցոյց կու տայ, որ խնդիրները տակաւին լուծուած չեն: Եւրոպական Միութիւնը տարիներ շարունակ արձագանգած է Հայաստանի մէջ քաղաքական ճգնաժամերուն, երբ անոնք կը համընկնէին իրենց քաղաքական օրակարգին», յայտարարեց «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Արմենակ Գրիգորեան:
«Մինչեւ 2018 թուական Եւրոպական Միութիւնը հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնէր մարդու իրաւունքներու, արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան չափանիշերու խախտումներու մասին: Եւրոպական Միութիւնը ժամանակին ընդգծած է քաղաքական հետապնդումներու, ընտրական խախտումներու, ցուցարարներու նկատմամբ անհամաչափ ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ համակարգային բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Բայց այսօր` 2025 թուականին նոյն Եւրոպական Միութիւնը կը լռէ, եւ մենք ստիպուած ենք հարցնել, թէ ինչո՞ւ: 2018 թուականէն ետք Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է ընտրովի արդարադատութեան նոր համակարգ, ուր քրէական հետապնդումները կը կիրարկուին ոչ թէ օրէնքի, այլ քաղաքական նպատակայարմարութեան հիման վրայ: Այսօր Հայաստանի մէջ կը հալածուին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ, ազգային բարերարներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ, ընդդիմադիր համայնքապետներ: Մարդիկ ամիսներով եւ տարիներով կը պահուին նախնական կալանքի տակ` զրկուած են արդար դատաքննութեան իրաւունքէն եւ կ՛ենթարկուին քաղաքական հետապնդումներու: Անոնք քաղաքական բանտարկեալներ են», նշեց Արմենակ Գրիգորեան եւ աւելցուց. «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն: Արդարութիւն առանց ընտրովի մօտեցման, եւրոպական արժէքներ ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ իրական կեանքին մէջ»:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչության անդամ Վարդան Գալստեան խօսելով ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ անցեալ շաբաթ իրականացուցած իրենց բողոքի ցոյցին մասին, ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի գրասենեակ փոխանցուած նամակի պատասխանը չէ ստացուած, ինչ որ կը նշանակէ, որ զայն չեն ուսումնասիրած:


