Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ-ՀՄԸՄ

December 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ժամը 20:40-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի մեկնի Շանվիլի դպրոցի դաշտը` մրցելու Մարիսթի դէմ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:

Մարիսթ շատ լաւ մարզիկներ ունի, բայց ըստ երեւոյթին նիւթական հարցերու մէջ կը գտնուի, բան մը, որուն մասին վերջերս արտայայտուած էին կարգ մը մարզիկներ:

ՀՄԸՄ-ի համար այս բաները բնաւ կարեւոր չեն եւ վստահաբար պիտի չազդեն, որ աւելի «դիւրին մրցակից»-ի դէմ կրնայ ըլլալ խաղը:

Մարիսթ բնաւ ազդուած չ՛ըլլար այս ամէն ինչէն եւ միշտ ալ պայքար ցոյց կու տայ դաշտին վրայ եւ ունի բարձր մակարդակի մարզիկներ, ինչպէս սենթըր Հենրի Սիմզ, Ալեքսանտր Լազիչ, Ճավիւն Պլէյք եւ լիբանանցիներ Ճիմի Սալեմ, Մարք Ապի Խերես, Ալի Մահմուտ, Ժան Մարք Ժարրուժ, Հատի Խաթիպ եւ Կապրիէլ Սամահա: Մարիսթ իր 6 մրցումներուն 3 յաղթանակներ արձանագրեց` Անթունիէի, Թատամոն Հարաժելի եւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի վրայ, եւ դժուարութեամբ պարտուեցաւ Պէյրութէն, Ռիատիէն եւ Սանթրալէն:

ՀՄԸՄ իր 6 նախկին մրցումներն ալ յաղթած է եւ այսօր իր 7-րդ յաղթանակը պէտք է արձանագրէ, անշուշտ եթէ բոլոր մարզիկները ներդաշնակ խաղ ցուցաբերեն:

Թայլըր Պէյ, որ վիրաւոր վիճակի մէջ խաղցաւ անցեալ մրցումին, յուսանք դարմանուած կ՛ըլլայ եւ իր կարելին կ՛ընէ Ճորտըն Սթիվընզի, Խալիտ Թոմասի, Կապրիէլ Աճէմեանի, Ահմետ Իպրահիմի, Այզաք Այյուպիի, Սէրուժ Աւետիսեանի, Ազիզ Ապտել Մասիհի, Թանիոս Աքիքիի, Քարիմ Սալամի, Փիթըր Տեքերմենճեանի եւ Ճիօ Մանուկեանի հետ 7-րդ յաղթանակը կերտելու:

Կարելի եղածին չափ պէտք է նուազեցնել թըրն-օվըրները, առիթէն օգտուիլ մրցակիցի սխալներէն, նուազ ֆաուլեր կատարել մանաւանդ մրցումի առաջին կիսուն:

Այսօրուան մրցումին վրայ պէտք կեդրոնանանք, բայց համակիրներու պարագային հեռու չէ յաջորդ մրցումը, եւ շաբաթ օր Մըզհերի մէջ կրնան դաշտ գալ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ը 8-րդ հանգրուանին գծով Սանթրալի (Մարքազիէ) խումբին դէմ, ժամը 21:45-ին:

Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանին գծով Ռիատի 85-74 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարած էր Սանթրալի դէմ, Անթունիէ 1 կէտով յաղթած էր Անդրանիկի դաշտին վրայ (82-83), իսկ Սաժես 112-72 արդիւնքով յաղթած էր Էն. Էս. Էյ.-ին:

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Լանտօ Նորիս` «Ֆորմիւլա 1»-ի Աշխարհի 35-րդ Ախոյեանը

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.