Ուզպեքիստանի 19 տարեկան վարպետ Ժավոխիր Սինտարով դարձաւ պատմութեան ամէնէն կրտսեր ճատրակի վարպետը, որ կը շահի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքը:
Աւարտականի թայ-պրէյքին, Սինտարով կրցաւ յաղթել Չինաստանի Ուէյ Եիին, Կոայի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցած այս մրցաշարքին:
Մրցաշարքի մը, ուր թեկնածու վարպետները մէկիկ-մէկիկ պարտութիւններ կրեցին, Սինտարով թիւ 16 դասուած սկսաւ այս մրցաշարքը եւ աւարտեց իբրեւ ախոյեան:
Ան կիսաւարտականին իր ազգակից Նոտիրպեք Եաքուպոյեւին մեծ դժուարութեամբ յաղթած էր: Ուէյ Եիի նման, Սինտարովն ալ զտումի մրցումներով միայն իրաւունք ստացած էր մասնակցելու այս մրցաշարքին: Այս յաղթանակով ընդհանուր փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ ճատրակի աշխարհին մէջ: Արդարեւ, Կուքեշ Տիի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսէն եւ աղջկանց Տիվիա Տեշմուխի ախոյեան ձեռնադրուելէն ետք, Սինտարով դարձաւ երրորդ կրտսեր վարպետը, որ 20 տարեկանէն առաջ գլխաւոր տիտղոս մը շահեցաւ վերջին 12 ամիսներուն:
Նշենք, որ պրոնզէ մետալակիր դարձած էր Անտրէ Էսիփենքօ (Ռուսիա):


