Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, կազմակերպութեամբ «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» (AYP to ZED) արուեստի ակադեմիայի հիմնադիրներ քոյր եւ եղբայր` Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու, մասնակցութեամբ օգնական կազմակերպող արուեստագէտներ Զիատ եւ Ծովիկ Ժրէյժ ամոլին, ակադեմիայի 20-ամեակին առիթով, 20 նոյեմբերին «Էսբաս Տատուր» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 20 տարիներու ընթացքին աւարտած 89 շրջանաւարտներէն 46-ը` 83 գեղանկարներով: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ցուցադրած էր երկու ստեղծագործութիւն` երկու տարբեր բնաբաններու շուրջ: Մարալ Փանոսեանին ընտրած բնաբաններէն առաջինը արուեստագէտները կը մղէր խորապէս անդրադառնալու կիներու ստանձնած շինիչ աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ դաստիարակչական մարզին մէջ իրենց ունեցած բացառիկ դերերուն, ինչպէս նաեւ` կիներու իրաւունքներուն:
Երկրորդ բնաբանը սիրոյ բազմազան դրսեւորումն էր, ինչպէս` վիպապաշտ, ընկերային, նաեւ սէր` հայրենիքի, ծնողաց, ընտանիքի, արդարութեան, բնութեան եւ այլն: Բոլոր աշխատանքները կը ներկայացնէին անձնական վերլուծումներ, որոնք կը դառնային ներշնչող: Ժիրայր Փանոսեանին առաջադրած նիւթերը ներշնչուած էին բանաստեղծութիւններէ, նաեւ` երաժշտական ու արուեստի այլ ստեղծագործութիւններէ: Երկրորդ բնաբանը արուեստագէտները հրաւիրած էր երեւակայելու եւ ըստ այնմ ներկայացնելու իրենց ապագայ արուեստանոցը, կամ ծաղիկներու գեղեցիկ համադրում մը` իրենց պատկերացումով: Յայտնենք, որ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններ եւս` իւրաքանչիւրը երկու գործով, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, ակադեմիայի շրջանաւարտ Նաժուա Հարիք, որ անդրադարձաւ արուեստի կարեւորութեան` լուսարձակի տակ առնելով ակադամիայի 20-ամեայ գործունէութիւնը:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ ողջունեց նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՛իրագործուին անհատներու միջոցով, աւելցնելով, որ երբեմն անհատներ շատ մեծ իրագործումներ կ՛ընեն, եւ անկէ կ՛օգտուին ընկերութիւնն ու շրջապատը: Ան քաջալերեց եւ գնահատեց սոյն անհատական նախաձեռնութիւնը, որ կրցաւ գոյատեւել` 20 տարիներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու յարատեւ աշխատանքով, գործին նկատմամբ անոնց ունեցած հաւատքով եւ ստեղծած բացառիկ մթնոլորտով: Վեր. Հայտոսթեան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց «ԱՅԲ թու ԶԵՏ» արուեստի ակադեմիայի յառաջիկայ նոր տարեդարձներու տեսլականով եւ յուշանուէրով մը պատուեց Փանոսեանները, որոնք իրենց կարգին յուշանուէր մը յանձնեցին անոր:
Այնուհետեւ ակադեմիայի 20-ամեակին առիթով պարգեւատրուեցան շարք մը անհատներ, որոնց պարգեւատրումը կատարեց նախկին նախարար Ժան Օղասապեան, որ իր կարգին երկու տարիէ ի վեր կ՛աշակերտէ ակադեմիային:
Առաջին հերթին, ցուցասրահի սեփականատէր Ապտալլա Տատուրի յիշատակը պատուելու համար եւ որպէս երախտագիտութիւն ակադեմիայի տարիներու աշխատանքի նկատմամբ իր մեծ գնահատանքին, ընտանիքին յանձնուեցաւ Տատուրի դիմանկարը, որ գործն էր շրջանաւարտ Վարագ Մանուկեանի: Ապա յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Զիատ եւ Ծովիկ Ժրէյժ ամոլին` ցուցահանդէսի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար: Յուշանուէր ստացան ակադեմիայի 15 տարուան օգնական ուսուցչուհի եւ հաշուապահ Անի Մանուկեան, նաեւ` շրջանաւարտ Նաժուա Հարիք, որ 15 տարիէ ի վեր կը վարէ բոլոր ցուցահանդէսները: Երկու տաղանդաւոր աշակերտներ` Տեսիլ Չէրթիտեան եւ Մարիօ Էլ Հըլու, ստացան արուեստագէտներու ծնողքին` Փայլակ եւ Աստղիկ Փանոսեաններու անունով հաստատուած մրցանակը` մէկ կիսամեակ ձրի կրթաթոշակ: 20-ամեակի առիթով 2 շրջանաւարտներ Քորին Սթֆեն եւ Սեւակ Տէր Կարապետեան ստացան «Outstanding future artist» տիտղոսը, ինչպէս նաեւ` որակաւոր նկարչութեան իրեր: Ծաղկեփունջեր յանձնուեցան` օգնական ուսուցչուհի Անի Տէր Կարապետեանին, նաեւ Ռոտա Եագուպին, Իզապէլ Տեկիրմենճեանին, Թամար Խանճիհանեանին` ցուցահանդէսի պատրաստութեան մէջ իրենց ներդրումին համար:
Աւարտին խօսք առաւ Մարալ Փանոսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ակադեմիայի ծնողներուն, որոնք իրենց ունեցած ամէնէն թանկագին արժէքը` իրենց զաւակները կը վստահին իրենց, որոնք կը դառնան արուեստագէտներ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ցուցասրահի սեփականատէրերուն, Փանոսեան մեծ ընտանիքին, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան ցուցահանդէսի կազմակերպման: Փանոսեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ակադեմիայի շրջանաւարտները տակաւին իրենց կապը պահած են ակադեմիայի հետ, դիտել տալով, որ հպարտ են իրենցմով, եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Սոյն ցուցահանդէսը արգասիքն է 20 տարիներու ստեղծագործական նուիրուածութեան, յարատեւութեան եւ լուրջ աշխատանքի, նաեւ կը ներկայանայ իբրեւ յարգանքի տուրք` ակադեմիային փոխանցած հարուստ ժառանգութեան` հաստատելով անոր բեղուն դերակատարութիւնը` որպէս արուեստի կեդրոնի, որ երկու տասնամեակներէ ի վեր կը ծաղկի գեղեցիկ ստեղծագործութիւններով:



