Հայ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Էրիք Ռուշանեան փայլուն յաղթանակ արձանագրեց Լեհաստանի Ռատոմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Պապիյոն Էմ. Էմ. Էյ. 55» մրցաշարքին:
Երկրորդ ռաունտին ան գեղեցիկ նաք-աութով պարտութեան մատնեց անյաղթ լեհ մարտիկ Սերկէյ Քոլոթիուքը: Ռուշանեան իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մինչ Քոլոթիուք, որ իր նախկին 4 մրցումներուն յաղթած էր, կրեց ասպարէզի առաջին պարտութիւնը:
21 տարեկան Ռուշանեան իր այս յաղթանակով փաստեց իր տաղանդը եւ վստահութեամբ դէպի յառաջ կը բարձրանայ` գրաւելով աւելի մեծ ուշադրութիւն` եւրոպական «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհին մէջ:


