ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ երկօրեայ այցելութեամբ Պէյրութ հասաւ երկուշաբթի գիշեր իր լիբանանցի կնոջ` Լինա Աշքարի հետ: Ասիկա 2019-էն ի վեր Ինֆանթինոյի երկրորդ նմանօրինակ այցելութիւնն է:
Օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ քարտուղար Ժիհատ Շահաֆ:
Երէկ Ինֆանթինօ այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, որ զինք հրաւիրած էր: Ինֆանթինօ ամոլը հանդիպումներու շարք մը պիտի ունենայ ուսումնասիրելու համար Լիբանանի մէջ ֆութպոլի բարելաւման քայլերը:
Ինֆանթինօ նոյնատեսակ ժողովներ պիտի ունենան Լիբանանի ֆետերասիոնին հետ` ազգային խումբերուն գծով ապագայ քայլերու վերաբերեալ քննարկումներ ունենալու, ինչպէս նաեւ արծարծելու երկրին ախոյեանութեան վերաբերող հարցեր, անշուշտ խօսելով նաեւ ապագայ ծրագիրներու մասին, ֆութպոլի կառոյցներուն գծով եւ պատրաստութիւններուն մասին` շրջանային, ցամաքամասային, թէ միջազգային մակարդակի մէջ յառաջացնելու համար ազգային խումբերը:
Ինֆանթինօ (55 տարեկան), ուր Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ քաղաքացի է, կը տիրապետէ 7 լեզուներու իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն եւ արաբերէն:
2016-էն ի վեր ՖԻՖԱ-ի նախագահը 2020-էն ի վեր միջազգային Ողիմպիական յանձնախումբի անդամ ալ է:
Ինֆանթինոյի երկրորդ նմանօրինակ այցելութիւնն է:


