Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան. «Եթէ Անձրեւ Չգայ, Ջուրի Պաշարները Պիտի Սպառին, Եւ Մենք Ստիպուած Պիտի Ըլլանք Թեհրանը Դատարկել»

Նոյեմբեր 10, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան խօսած է Թեհրանի հաւանական դատարկման մասին, եթէ երկարատեւ երաշտի պատճառով յառաջացած ջրային ճգնաժամը աւելի վատթարանայ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է երկրի արեւմուտքը գտնուող Սանանտաջ քաղաք կատարած աշխատանքային այցելութեան ժամանակ:

«Իրան կը բախի բնական մարտահրաւէրներու, ինչպիսիք են տեղումներու պակասը եւ ջրային հարստութիւններու սպառումը, որոնք յղի են լուրջ հետեւանքներով: Եթէ մօտիկ ապագային անձրեւ չգայ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք յաջորդ ամիսէն սկսեալ Թեհրանի մէջ ջուրի խիստ սահմանափակումներ հաստատել: Իսկ եթէ ընդհանրապէս անձրեւ չգայ, պաշարները պիտի սպառին, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք քաղաքը դատարկելու», յայտարարած է Իրանի նախագահը:

Թեհրան ջուրով կը մատակարարուի հինգ մեծ ջրամբարներէ` Լարէն, Մաուլուէն, Էմիր Քապիրէն, Թալիկանիէն, եւ Լաթիանիէն, որոնց մեծագոյնը Էմիր Քապիր ամբարտակն է:

Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին երկրին մէջ անձրեւներու տեղումներու կայուն նուազում արձանագրուած է: Օդերեւութաբանական տուեալներու համաձայն, այս տարի Թեհրանի մէջ անձրեւներու քանակը 40 առ հարիւրով պակաս եղած են, քան եղանակային միջին ցուցանիշը: Գարնան եւ ամրան անձրեւներու գրեթէ լիակատար բացակայութիւնը յանգեցուցած է ջրամբարներու ջուրի մակարդակի աղէտալի նուազման:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Յաջորդը

«ԹՐԻՓՓ-ը Կոչուած Է Ի Պատիւ Ինծի, Եւ Ես Ատիկա Շատ Կը Գնահատեմ» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Իսրայէլի Կառավարութիւն. «Կազայի Մէջ Տեղակայուելիք Կայունութեան Միջազգային Ուժի Կազմին Մէջ Թրքական Ուժեր Պիտի Չըլլան»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Կառավարութիւն. «Կազայի Մէջ Տեղակայուելիք Կայունութեան Միջազգային Ուժի Կազմին Մէջ Թրքական Ուժեր Պիտի Չըլլան»

Նոյեմբեր 10, 2025
«Ռուսական Քարիւղի Վրայ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Ամբողջական Ու Անսահմանափակ Կերպով Զերծ Կացուցուեցանք»  Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսական Քարիւղի Վրայ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներէն Ամբողջական Ու Անսահմանափակ Կերպով Զերծ Կացուցուեցանք» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Վարչապետը

Նոյեմբեր 10, 2025
Թուրքիա Նեթանիահուի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակած Է
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիա Նեթանիահուի Ձերբակալման Հրամանագիր Հրապարակած Է

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?